Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էքս-Մարսիլիա-Փրովանս Մեթրոփոլը եւ Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգը միաձայնութեամբ քուէարկած են Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին աջակցութեան բանաձեւեր

 

Անհերքելի է այս օրերուն Ֆրանսայի մէջ, քիչ մը ամէն կողմ հայանպաստ շարժումի մը ծայր առած ըլլալու երեւոյթը, նոյնիսկ եթէ ան դեռ շատ հեռու է,– բաղդատութիւն մը ընելու համար,– Ուքրաինայի ի նպաստ ցուցաբերուածէն։ Բայց եւ այնպէս կան բազմաթիւ պետական շէնքեր, որոնց ճակատին կը ծածանի նաեւ Հայաստանի եռագոյնը եւ հոս ու հոն կը քուէարկուին Հայաստանի աջակցութեան բանաձեւեր։

Այսպէս, Հոկտեմբեր 20-ին եւ 21-ին, յաջորդաբար Էքս-Մարսիլիա-Փրովանս Մեթրոփոլը եւ Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդը միաձայնութեամբ (նոյնիսկ առանց դոյզն ձեռնպահութեան) քուէարկած են Հայաստանին աջակցութեան՝ իրարու գրեթէ յար եւ նման բանաձեւեր։

Փաստաթուղթերուն մէջ յստակօրէն կը դատապարտուին ազերպայճանցի զինուորներու բարբարոսութիւնները, ակնարկ կը կատարուի 

Human Rights Watch-ի դատապարտող զեկոյցին, որ կ՚անդրադառնայ զինաթափուած հայ զինուորներու՝ ազերպայճանական զօրքերու կողմէ մահապատիժի տեսագրութեան։ Բանաձեւերուն մէջ կ՚ըսուի, որ Ֆրանսա պէտք է շարունակէ մեծ դեր խաղալ մնայուն խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ եւ պէտք է աւելի հեռուն երթալով՝ լոկ յայտարարութեանց դիւանագիտութենէն անցնի գործնականին, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանականները առաջնորդելով խիստ ռազմավարութեան մը որդեգրման, ներառեալ՝ ազերպայճանական վարչակազմին դէմ պատիժներու սահմանման: 

Նշենք, որ թէ՛ Էքս-Մարսիլիա-Փրովանս Մեթրոփոլի, թէ՛ ալ Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի նախագահուհին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու թոռնուհի Մարթին Վասալն է. ան իւրաքանչիւր առիթով կը հաստատէ իր հայկական ծագումը, ֆրանսական եւ հայկական զոյգ մշակոյթներու իր պատկանելիութիւնը:

Վասալ, վերոնշեալ երկու բանաձեւերու ալ քուէարկութենէն առաջ ունեցած է միաժամանակ կուռ եւ ցնցիչ ելոյթներ։ ■