«ԱՓԱ» ազերպայճանական լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոն վերադարձած է Պաքու եւ կը շարունակէ իր դիւանագիտական գործունէութիւնը։
Փարիզ տակաւին չէ մեկնաբանած այս տեղեկութիւնը։
Յիշեցնենք, թէ Ֆրանսա-Ազերպայճան լարուած յարաբերութիւններու ենթախորքին՝ երկու շաբաթ առաջ Փարիզ ետ կանչած էր Պաքուի մէջ պաշտօնավարող իր դեսպանը՝ խորհրդակցութիւններու նպատակով։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։