Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թումօ Մանհայմը պաշտօնապէս բացուած է, երկրորդը՝ Գերմանիոյ մէջ 

Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը կ՚ընդլայնէ իր միջազգային ցանցը։ Այսպէս Գերմանիոյ Մանհայմ քաղաքին մէջ պաշտօնապէս բացուած է Թումօ կեդրոնը, որ այդ երկրին մէջ երկրորդն է։

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են աւելի քան 200 հիւրեր՝ պետական պաշտօնատարներ, կրթական ոլորտի առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ Թումօ Մանհայմի ուսանողներու առաջին խումբը:

Հազար ուսանողի համար նախատեսուած կեդրոնին մէջ կ՚ուսումնասիրուին ծրագրաւորում, երաժշտութիւն, ռոպոթաշինութիւն, 3D ձեւաւորում, ֆիլմերու եւ խաղերու ստեղծում, գծագիր ուրուագիծ, նկարչութիւն եւ լուսանկարչութիւն:

Թումօ Մանհայմը իրականութիւն դարձած է Dietmar Hopp Foundation-ի, Մանհայմի քաղաքապետութեան, Starkmacher-ի, KfW պետական դրամատան եւ Next Mannheim-ի շնորհիւ:

Թումօ Երեւանի կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած է վրացական պատուիրակութիւնը

Թումօ Երեւանի կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած է Հայաստան գտնուող վրացական պատուիրակութիւնը՝ Վրաստանի Կրթութեան, գիտութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Կիորկի Ամիլախվարիի գլխաւորութեամբ:

Այցի ընթացքին կողմերը քննարկած են հետագայ համագործակցութեան եւ Վրաստանի մէջ Թումօ կեդրոններու հիմնադրութեան հեռանկարները: