Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 27-ին փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Լուրը հաղորդած է թրքական Türkiye gazetesi-ն:
Ան յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի, եւ թէ մօտ ապագային առեւտուր ալ կ՚իրականացուի եւ խնդիրները կը լուծուին։
“Մենք բանակցութիւններ կը վարենք Հայաստանի հետ։ Յուսանք, որ սահմանները կը բացուին, եւ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակուին”,– ըսած է Էրտողան: ■