Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, Մարտ 31-ին, իր երկրի լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսին, անդրադառնալով Փառուխի եւ Քարագլուխի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն, յայտնած է թէ՝ «Ազէրպայճան հաւատարիմ է եռակողմ յայտարարութեան (2020 Նոյեմբեր 9 − «ՆՅ»), եւ անոր կողմէ որեւէ խախտումի մասին կարելի չէ խօսիլ»։
Էրտողանի կարծիքով՝ «տեղի ունեցած է յարձակում Ազէրպայճանի վրայ, որուն ալ հետեւած է պատասխան պաշտպանական գործողութիւն»:
“Եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ կարեւոր է ապահովել Հայաստանի զինեալ տարրերու ամբողջական հեռացումը Ազէրպայճանի՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներէն”,– ըսած է Թուրքիոյ նախագահը: