Իրան ռազմափորձերուն կը փորձարկէ հարուածային նոր անօդաչու |
Իբրեւ պատասխան Ազէրպայճանի հետ սահմանին Իրանի կատարած լայնածաւալ ռազմափորձերուն` Թուրքիա իր կարգին ռազմական սարքեր սկսած է կուտակել Իրանի հետ սահմանին։ Այս մասին կը հաղորդեն ազէրպայճանական լրասփիւռներ:
Միւս կողմէ, Ազէրպայճանի հետ սահմանին, Իրանի ռազմափորձերը համաշխարհային մամուլին ուշադրութիւնը գրաւած են: Արդարեւ, «Ճազիրա»-ն իր անդրադարձին մէջ նշած է, որ իրանեան այս ռազմափորձերը ուժի ցուցադրութիւն են դրացի երկրին հետ լարուած յարաբերութիւններու ենթախորքին՝ պայմանաւորուած Իսրայէլի հետ Ազէրպայճանի կապերով:
Իրանի բանակը նաեւ առաջին անգամ ըլլալով փորձարկած է իր արտադրած մեծ հեռահարութեան անօդաչուն եւ ռազմարդիւնաբերութեան այլ արտադրանքներ:
«Ճազիրա» նշած է, որ Իրան զօրք եւ զինամթերք տեղակայեց սահմանի երկայնքին, երբ Ազէրպայճան, Թուրքիա եւ Փաքիստան միացեալ ռազմափորձեր կատարեցին Ազէրպայճանի մէջ:
Իրան բացայայտ կերպով ազդարարած է, որ մտահոգ է Ազէրպայճանի սերտ ռազմական կապերով՝ իր ոխերիմ թշնամի Իսրայէլի հետ:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուցած է Պաքուն, որ պիտի չհանդուրժեն սիոնական վարչակարգին՝ իրենց ազգային ապահովութեան սպառնացող ներկայութեան եւ պիտի ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլերու:
Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիումաս Հեյտարի նշած է, որ Հայաստանի ու Ազէրպայճանի միջեւ պատերազմին ընթացքին «Իսլամական պետութեան» բազմաթիւ ահաբեկիչներ բերուած են, եւ Թեհրան վստահ չէ, որ անոնք հեռացած են տարածաշրջանէն:
Ըստ թուրք մամուլին՝ Իրան մտահոգ է ոչ միայն տարածաշրջանի ռազմա-քաղաքական զարգացումներով, այլ նաեւ՝ տնտեսականով։ Կ՚ըսուի, թէ երեսուն տարիէ ի վեր Ազէրպայճանը Նախիջեւանին կապող ճամբան կ՚անցնէր Իրանէն եւ ատիկա Ազէրպայճանի վրայ ճնշում պահպանելու միջոց մը ըլլալու կողքին՝ տնտեսական կարեւոր նպաստ ալ կ՚ապահովէր Իրանին։ Իսկ հիմա, որ Ազէրպայճան «կը պատրաստուի Զանգեզուրի միջանցք»-ով ուղղակի կապ հաստատելու Նախիջեւանի հետ, Իրանի համար այդ շահաբեր ասպարէզի անհետացման վտանգը կ՚ուրուագծուի եւ Թեհրան բնաւ ալ պատրաստ չէ համակերպելու ատոր։
Նոյնպէս թուրք մամուլին համաձայն՝ Փաքիստան ալ Իրանի հետ իր սահմանին սկսած էր զօրք կուտակել։