Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան հատուածի Պուրսա քաղաքի Եըլտըրըմ շրջանի Սեթպաշը թաղամասին մէջ գտնուող եւ փլուզման եզրին գտնուող 300-ամեայ հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի:
Սակայն, ինչպէս կը յայտնեն Եըլտըրըմի շրջանային ղեկավարութենէն, եկեղեցին կը վերականգնուի ոչ թէ որպէս հայկական աղօթավայր վերաբանալու, այլ որպէս մշակութային կեդրոն գործածելու համար:
Կը նշուի նաեւ, որ եկեղեցիին զուգահեռ պիտի վերանորոգուի յարակից տարածքին մէջ գտնուող եւ նախապէս Թուրքիոյ «Երեխաներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան» (ÇEK) կողմէ շահագործուած շէնքը, որ նոյնպէս մշակութային կեդրոնին մաս պիտի կազմէ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։