Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ. Օսման Քաւալա ցկեանս խստագոյն բանտարկութեան դատապարտուած է

Հակառակ միջազգային հանրութեան ճնշումներուն՝ Պոլսոյ դատարանը Ապրիլ 26-ին ցկեանս խստագոյն բանտարկութեան դատապարտած է գործարար, բարերար Օսման Քաւալան, որ ծանօթ է նաեւ հայկական շրջանակներու հետ իր սերտ յարաբերութիւններով։ Ուրիշներու հետ, ան կը դատուէր 2013-ի «Կէզի հանրապարտէզ»-ի ծանօթ դէպքերու հարցով։ 

Անոր հետ դատուող 7 ուրիշներ ալ,– որոնց մէջ կիներ,– 18-ական տարի բանտարկութեան դատապարտուած են։

Անոնց դէմ յղուած ամբաստանութիւնն էր կառավարութիւնը տապալելու փորձ։

Այս ցնցիչ վճիռներէն ետք, «Կէզի»-ի համախոհները կրկին փողոց իջած են։ Երկրին զանազան անկիւններուն մէջ ցոյցեր կազմակերպուած էին։ ■