Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրք վերլուծաբանը ընդվզած է ԱՄՆ-ու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման հեռանկարէն

«Նման գործընթաց աւելի վտանգաւոր է, քան տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունումը»

Թրքական «HaberTürk»-ի վերլուծաբան Քիւրշատ Զօրլու իր սիւնակին մէջ անդրադարձած է ԱՄՆ-ու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին դասաւանդման վերաբերող նոր օրինագիծին:

«Ապրիլ 24-ին ընդառաջ արդեօք մենք տեղեա՞կ ենք ԱՄՆ-ու Գոնկրէսին մէջ պատրաստուող այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան մասին օրինագիծին» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ Զօրլու կը յիշեցնէ, որ ԱՄՆ-ու նախագահները ամէն տարի Ապրիլ 24-ին ուղերձներ կը յղեն: Իսկ 2021-ին, երբ ԱՄՆ-ու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն արտասանեց «ցեղասպանութիւն» եզրը, հարցը կարծէք թէ փոխադրուեցաւ որակապէս նոր դաշտ:

«Այնպէս կը թուէր, թէ անով վերջ կը դրուի դամոկլեան սուրի պէս կախուած տարեկան այդ ուղերձներով Թուրքիոյ վրայ բանեցուող ճնշումներուն. բայց ո՛չ. ատիկա ակնյայտօրէն կը քաջալերէ նոր որոշումներու եւ կարգաւորումներու ընդունումը։ Ահաւասիկ անոնցմէ մէկը, որ այժմ կը պատրաստուի ներկայացուելու ԱՄՆ-ու նախագահ Պայտընի վաւերացման, եթէ Գոնկրէսը զայն ընդունի»,– կը գրէ թուրք վերլուծաբանը:

Ան ընթերցողին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն իրողութեան վրայ, որ յիշեալ օրինագիծին ետին կանգնած է ANCA-ն (Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը): Օրինագիծը կազմուած է գոնկրէսականներ Քերոլին Մալոնիի (Դեմոկրատ, Նիւ Եորք) եւ Կաս Պիլիրաքիսի (Հանրապետական, Ֆլորիտա) կողմէ՝ որպէս իրաւական հիմք ունենալով 2019-ին ԱՄՆ-ու Ծերակոյտին ընդունած այն որոշումները, որոնք կը վերաբերին Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման եւ անոր շուրջ հանրային կարծիքի ձեւաւորման:

Եթէ օրինագիծը ընդունուի եւ ուժի մէջ մտնէ, Ցեղասպանութեան նիւթին առնչուող կրթական նպատակներու համար հինգ տարուան ընթացքին Գոնկրէսի գրադարանին պիտի տրամադրուի 10 միլիոն տոլար նիւթական յատկացում: Այս օրէնքի նախագիծի բնագիրին մէջ կը յիշատակուին ո՛չ միայն Հայերը, այլ նաեւ Յոյները, Ասորիները, Քաղդէացիները, Արամէացիները, մարոնիթները եւ այլ քրիստոնեաներ:

«Չեմ գիտեր, թէ Թուրքիոյ համապատասխան կառոյցները ինչպէս կը պայքարին անոր դէմ, բայց օր ըստ օրէ կ’աւելնայ այդ օրինագիծին աջակցող գոնկրէսականներուն թիւը»,– տագնապով կը շեշտէ յօդուածին հեղինակը՝ մտավախութիւն յայտնելով, որ ԱՄՆ-ու կրթական համակարգին մէջ Ցեղասպանութեան հարցի ուսուցման գծով ձեռնարկուած քայլերը, դպրոցներուն մէջ հայկական թեզերուն համապատասխանեցուած ուսումնական ծրագրերու դասաւանդումը ըստ էութեան պիտի դաստիարակէ սերունդ մը, որ Թուրքիոյ նկատմամբ պիտի ունենայ կանխակալ եւ նոյնիսկ թշնամական մօտեցում:

Զօրլուի համաձայն, այս գործընթացը աւելի վտանգաւոր է, քան տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունումը:

«Կ’արժէ քննարկել եւ հասկնալ, թէ Թուրքիոյ համապատասխան կառոյցները ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկեն այս վտանգը սեփական թեզերով դիմակայելու եւ գործընթացը կասեցնելու համար»,– տողերով ան կ’եզրափակէ յօդուածը: ■