Թրքական «Փեկասուս» օդային ընկերութիւնը Հայաստանին՝ Պոլիս-Երեւան-Պոլիս թռիչք կատարելու դիմում ներկայացուցած է:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին այս տեղեկութիւնը հաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարի մամլոյ քարտուղար Սոնա Յարութիւնեան:
“Փեկասուս»-ը ՀՀ Քաղաքացիական թռիչքներու կոմիտէին` Փետրուարէն սկսեալ շաբաթական երկու թռիչք կատարելու դիմում ներկայացուցած է”,– ըսած է Յարութիւնեան:
Դիմումը պիտի ուսումնասիրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիական թռիչքներու կոմիտէին կողմէ, որոշումը պիտի կայացուի յառաջիկային: