Աշխատանքային այցելութեամբ Քաթար գտնուող «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Մխիթար Հայրապետեան եւ Քաթարի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան Փետրուար 20-ին հանդիպում ունեցած են «Քաթար հիմնադրամ»-ի փոխնախագահ, գործադիր տնօրէն շէյխա Հընտ պընթ Համատ Բ.-ի հետ։ Լուրը հաղորդած է Մխիթարեան, Դիմագիրքի իր էջով։
Հանդիպումին երկուստեք ներկայացուած են երկու հիմնադրամներուն կողմէ իրականացուող ծրագրերը, ինչպէս նաեւ քննարկուած են համագործակցութեան ուղիները։ Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներէն ներս միացեալ նախագծեր իրագործելու կարելիութիւններուն՝ մարդուժի զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ։
Շօշափուած են նաեւ վերոյիշեալ բնագաւառներէն ներս փորձառութեան փոխանակման, արհեստագիտական կարելիութիւններու փոխադարձ օգտագործման վերաբերող հարցեր։
Աւարտին, կողմերը համաձայնած են աշխատանքային խումբեր ստեղծել եւ առ այդ կազմակերպել փոխադարձ այցելութիւններ։