Իրանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Կապանի մէջ աւագ հիւպատոսութիւն բանալու վերաբերեալ հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկին: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
«Սահմանադրութեան 138-րդ յօդուածին համաձայն՝ նախարարներու խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկին՝ Հայաստանի Կապան քաղաքին մէջ աւագ հիւպատոսութիւն բանալու վերաբերեալ»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: