Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՒՆԷՍՔՕ.– Պատմամշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ քաղաքական գործիք դառնայ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մամլոյ գրասենեակը անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան՝ 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ ազէրպայճանական բանակին վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան շարունակական պղծման, ձևախեղման և ոչնչացման դէպքերու վերաբերեալ ահազանգերուն, յայտարարած է, թէ կազմակերպութիւնը կ՚աշխատի Լեռնային Ղարաբաղ անկախ փաստահաւաք առաքելութիւն ղրկելու ուղղութեամբ, եւ թէ՝ պատմամշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ քաղաքական գործիք դառնայ։

“Մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքը՝ Լա Հէյի 1954-ի համաձայնագրի շրջածիրին մէջ  նշեալ առաքելական խումբը գործուղելու նպատակով: Կը յուսանք որ ատիկա շուտով կարելի պիտի ըլլայ, բայց սա պահուս ատոր համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան: հետեւաբար քննարկումները տակաւին կը շարունակուին”,– նշած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մամլոյ գրասենեակի աշխատակից Թոմա Մալառ: