Լոս Անճըլըսի մէջ Ազէրպայճանի աւագ հիւպատոս Նասիմի Աղաեւ կաթողիկէներու Սուրբ ծննդեան տօնին առիթով գրառում մը կատարած է «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին։ Ան պնդած է, որ Ազէրպայճան ունի «հին քրիստոնէական ժառանգութիւն», իսկ որպէս իր խօսքին ապացոյց՝ օգտագործած է Արցախի հին հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու լուսանկարները։
«Սուրբ Ծննդեան այս օրը եկէք նայինք հին ազէրպայճանական քրիստոնէական ժառանգութեան այս գեղեցիկ պատկերներուն: Քրիստոնէութիւնը Ազէրպայճան մուտք գործած է առաջին դարուն՝ պետական կրօն դառնալով 313 թուականին։ Այսօր հարիւրհազարաւոր քրիստոնեաներ կ’ապրին խաղաղ եւ ազատօրէն կը կիրարկեն իրենց կրօնը Ազէրպայճանի մէջ»,– գրած է Աղաեւ։
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը անդրադարձած է Ազէրպայճանի աւագ հիւպատոսի գրառումին։ «Ազէրպայճանի “Սուրբ ծննդեան բացիկը”, այս կեղծ թուիթը կը պնդէ, որ գոյութիւն ունին “ազէրպայճանական քրիստոնէական եկեղեցիներ”, եւ Ազէրպայճան քրիստոնէական պետութիւն դարձած է 313 թուականին։ Եկէք պայքարինք ապատեղեկատւութեան դէմ»,– գրուած է Հայ դատի յանձնախումբի Դիմագիրքի էջին վրայ։ Իրականութեան մէջ Նասիմի Աղաեւի հրապարակածը հայկական Դադիվանքի (Քարվաճառի, 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազէրպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած) 9-րդ դարու վանական համալիրի լուսանկարներն են, ինչպէս նաեւ՝ հայկական Գանձասարի 10-րդ դարու վանական համալիրը (Մարտակերտի շրջան) եւ Քաշաթաղի շրջանի հին միջնադարեան Ծիծեռնավանքը (44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով նոյնպէս անցած Ազէրպայճանի վերահսկողութեան տակ):