Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշէնքօ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի և Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկած է Ղազախստանի մէջ տիրող կացութիւնը, նշելով «աւազակային խմբաւորումներ»-ու այդ երկիր մուտքը կանխելու կարևորութիւնը։ Լուրը հաղորդած է Պելառուսի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը։
«Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերու գործունէութեան վերաբերեալ՝ կողմերը ընդգծեցին, թէ իրենց հիմնական խնդիրներէն է կանխել դուրսէն աւազակային կազմաւորումներու ներթափանցումը՝ Ղազախստան»,– նշած է Լուքաշէնքոյի մամլոյ ծառայութիւնը։
Նշենք, թէ Յունուար 7-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ 100 հոգինոց հայկական զօրախումբը Ղազախստանի մէջ կ՚իրագործէ բացառապէս ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող շէնք-շինութիւններու և ենթակառոյցներու պահպանութեան գործողութիւններ։
Ղազախստանի մէջ ձերբակալուած է շուրջ 4 000 հոգի
Ղազախստանի Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ երկրին մէջ շարունակուող բողոքի ցոյցերու ընթացքին, ապահովութեան ուժերու հետ բախումներուն ձերբակալուածներու թիւը շուրջ 4 000 է։
Ապահովութեան ուժերուն կողմէ սպանուած է աւելի քան երկու տասնեակ հոգի, հարիւրաւորներ ալ վիրաւորուած են։
Ղազախստանի նախագահ Թոքաեւ Յունուար 7-ին յայտարարած է, թէ ինք անձամբ իրաւապահ մարմիններուն ու բանակին հրամայած է կրակ բանալ առանց նախազգուշացման։ “Մենք գործ ունինք զինուած ու պատրաստուած աւազակներու հետ՝ թէ՛ տեղացի, թէ՛ օտարերկրացի”,– պնդած է ան, առանց փաստեր ներկայացնելու։