Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կառավարութեան որոշումով՝ ՀՀ զինեալ ուժերու ստորաբաժանումը կը մասնակցի Ղազախստանի խաղաղապահ  գործողութիւններուն

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու խաղաղապահ զօրախումբին մէջ ընդգրկուած ՀՀ զինեալ ուժերու ստորաբաժանումը կը մասնակցի Ղազախստանի խաղաղապահ գործողութիւններուն։

Համապատասխան որոշումը հրապարակուած է ՀՀ կառավարութեան e-gov.am կայքին վրայ։

Կ՚ըսուէր թէ՝ շուրջ 70 հայ զինուորներ կը մեկնին Ղազախստան։