Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կոմիտասի վերադարձը ծննդավայր

 

Հոկտեմբեր 20-ին, Կոմիտաս վարդապետ իր ծնունդէն 155 տարի ետք առաջին անգամ կը յիշատակուի իր ծննդավայր Քիւթահիոյ մէջ, ուր քաղաքային խորհուրդը  «Կոմիտաս՝ Քիւթահիայէն» խորագրով ոգեկոչման ձեռնարկ մը կը կազմակերպէ։ 

Քիւթահիոյ մշակոյթի եւ արուեստի ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ կայանալիք ձեռնարկին հրաւիրուած են շարականագէտ, երաժիշտ Մուրատ Իչլինալչա եւ փրոֆ. Ճենք Կիւրայ ու իր խումբը, որոնք պիտի հնչեցնեն Կոմիտասի անզուգական ստեղծագործութիւններէն փունջ մը։