Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԿՈՉ – «Նոր Յառաջ կը շարունակէ» հանգանակութիւն

Հոկտեմբեր 4-ի հան­րա­յին հան­դի­պու­մին, «շա­րու­նա­կե՞լ, թէ՞ դադ­րեցնել» հար­ցումին՝ ներ­կա­ներուն պա­տաս­խա­նը եղաւ շա­րու­նա­կել… Ինչպէս որ նա­խապէս ալ անդրա­դար­ձած էինք՝ «Նոր Յա­ռաջ» կ՚ապ­րի նիւ­թա­պէս դժուարին պահ մը, ինչպէս որ հա­յու­թիւնը՝ Սփիւռքի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ կ՚ապ­րի դժուարին ժա­մանա­կաշրջան մը։ Ուստի, կը դի­մենք հան­րութեան աջակ­ցութեան՝ դի­մակա­յելու համար այն տագ­նապնե­րը, որոնք ու­նին իրենց նիւ­թա­կան հե­տեւանքնե­րը։

Ներկայիս կը ձեռնարկենք «Նոր Յա­ռաջ կը շա­րու­նա­կէ» հան­գա­նա­կու­թեան, հա­ւաքե­լու շուրջ հա­րիւր հա­զար եւ­րօ՝ թեր­թին յա­ռաջի­կայ տա­րուան ծախ­սե­րը հո­գալու հա­մար։

Դրա­մահա­ւաքը պի­տի կա­տարուի Helloasso հար­թա­կին մի­ջոցով (Հայ կար­միր խա­չի օգ­նութեան միու­թեան հո­վանիին ներ­քոյ) մին­չեւ որ «Նոր Յա­ռաջ»-ի բա­րեկամ­նե­րու միու­թիւն մը ստեղ­ծուի եւ ստանձնէ այդ աշ­խա­տան­քը։ (Helloasso-ի մի­ջոցով նուիրատ­ւութիւննե­րուն 66%-ը 

կարելի է զեղչել եկամ­տա­հար­կէն)։

https://www.helloasso.com/associations/comite-de-secours-pour-la-croix-rouge-armenienne/collectes/soutenir-le-journal-nor-haratch

Կա­րելի է նաեւ նուիրատ­ւութիւննե­րը ուղղա­կի «Նոր Յա­ռաջ»-ին յղել, իբ­րեւ զօ­րակ­ցութեան բա­ժանոր­դագրու­թիւն (abonnement de soutien) հե­տեւեալ հաս­ցէին.

NORH Publications – 25 bis rue de Brie – 94520 Mandres-les-Roses

(Բա­ժանոր­դարգու­թիւնը եկամ­տա­հար­կէն զեղչելի չէ)։

Տասնհինգ տա­րեկան «Նոր Յա­ռաջ»-ը իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի հայ­կա­կան լրա­տուա­կան դաշ­տին մէջ։ Սփիւռքի այն հա­զուա­գիւտ լրաս­փիւռնե­րէն է որ դեռ լոյս կը տես­նէ իբ­րեւ օրա­թերթ (եր­կօ­րեայ), հիմ­նա­կանա­պէս արեւմտա­հայե­րէնով, դա­սական ուղղագ­րութեամբ եւ ան­կախ է կու­սակ­ցա­կան պատ­կա­նելիութենէ։