Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը մասնակցած է Լոնտոնի գիրքի միջազգային տօնավաճառին

Ապրիլ 5, 6 եւ 7-ին Լոնտոնի «Օլիմփիա» սրահին մէջ տեղի ունեցած է միջազգային գիրքի տօնավաճառը, որ գիրքի եւ գրահրատարակութեան ամէնէն հին ու ճանչցուած փառատօներէն է, հիմնուած՝ 1971-ին: Այս տարի, «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ տօնավաճառին մէջ հաստատուած է հայկական տաղաւար, որուն մասնակցած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը` գործակցութեամբ Համազգայինի Լոնտոնի մասնաճիւղին: Տաղաւարին մէջ  ցուցադրուած են նաեւ հայրենի եւ սփիւռքահայ այլ հրատարակչատուներու եւ անհատ հրատարակիչներու գործեր: 

Ապրիլ 8-ին Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ տեղւոյն համայնքին համար, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, յատուկ ձեռնարկով մը ներկայացուած են տաղաւարին մէջ ցուցադրուած բոլոր հրատարակութիւնները: