Ալֆորվիլի Espace 148 մշակութային կեդրոնին մէջ Դեկտեմբեր 18-էն 23 տեղի ունեցաւ «Հայաստանեան բոյրեր» (« Parfums d’Arménie ») անդրանիկ ձեռնարկը, նախաձեռնութեամբ՝ «Յոյս՝ Հայաստանի համար» ընկերակցութեան, համագործակցութեամբ՝ Վալ-տը-Մառնի Ֆրանքեւհայկական դաշինքին, բարձր հովանաւորութեամբ՝ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունասի եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի։
«Սուրբ ծնունդը՝ Արցախի երախաներուն համար» բնաբանով կազմակերպուած այս ձեռնարկին նպատակն էր վեց օրերու վրայ տարածուող՝ գեղանկարչական ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսէն, գիրքերու վաճառք-մակագրութենէն, ընկերակցութիւններու տաղաւարներու առաջարկած արհեստագործական ու այլ զանազան իրերու վաճառքէն հանգանակուելիք գումարներու ընձեռած միջոցներով, տօնական այս օրերուն որքան կարելի է՝ ժպիտ մը դրոշմել Արցախի տարաբախտ երախաներու դէմքին։ Տեղի ունեցան նաեւ փոքրիկներու համար՝ նկարչութեան, քանդակագործութեան աշխատանոցներ, հէքեաթասացութեան պահեր։
«Հայաստանեան բոյրեր»-ու բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18-ին, բաւական հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ։
Կամքէ անկախ պատճառներով բացակայ քաղաքապետ Գարվունասը կը ներկայացնէր անոր՝ մշակութային հարցերու կցորդը՝ Ֆիլիփ Գառ, իր կողքին ունենալով բազմաթիւ ընտրեալներ, ի շարս որոնց՝ քաղաքապետական խորհրդականներ Կարօ Խաչիկեանն ու Սարօ Մարտիրեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ալֆորվիլի Ս. Պետրոս-Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հովիւ հայր Տիրայր աւագ քհնյ Գըլըճեան եւ պատուելի Ժոէլ Միքայէլեան, ինչպէս նաեւ հայկական ընկերակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
«Յոյս՝ Հայաստանի համար» ընկերակցութեան անունով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ պատուելի Ժիլպէր Լեւոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետարանին, քաղաքապետին եւ քաղաքապետարանի բոլոր ծառայութիւններուն՝ այս ձեռնարկին յաջողութեան համար իրենց անսակարկ ներդրման համար։ Այնուհետեւ ան մէջբերեց Ուիլիըմ Սարոյեանի մէկ բնագիրը, ուր աշխարհահռչակ գրողը կը յիշեցնէ, որ հայ ժողովուրդը իր ենթարկուած բոլոր փոթորիկներու ընթացքին միշտ գիտցած է գլուխ բարձրացնել եւ շարունակել ապրիլ ամուր եւ խիզախ՝ ոգին ու հայկական ինքնութիւնը յաւերժացնելով եւ փոխանցելով, աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ նոր Հայաստան մը վերստեղծելու համար։
Ֆիլիփ Գառ այս վերջին խօսքերուն վրայ շեշտը դնելով հաստատեց, թէ Ալֆորվիլի տարբեր քաղաքապետերը որքա՛ն աջակցած են եւ կը շարունակեն աջակցիլ Ֆրանսահայերուն՝ անոնց բոլոր պայքարներուն, եւ յատկապէ՛ս Արցախի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ի խնդիր պայքարին մէջ, 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ։
Այնուհետեւ արտայայտուեցաւ Յովհաննէս Գէորգեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Յոյս՝ Հայաստանի համար» ընկերակցութեան, այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդն ու անոր կառավարութիւնը կ՚ընեն ամէն ինչ՝ վերականգնելու համար բնականոն կեանքը, ինչպէս նաեւ խրախուսելու՝ երկիր վերադարձը։
Հուսկ, պատուելի Լեւոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ցուցահանդէսի բոլոր դերակատարներուն՝ գեղանկարիչ Տիպասարին (Տիպար Ափարթեան), քանդակագործ Արիստակէսին, գիրքերու հեղինակներ՝ Հանրի Գիւնիին, Ժան-Վարուժան Սրապեանին, Վալերի Թորանեանին, Արա Գրիգորեանին եւ Հրայր Հրաչեանին, Սեդա Փափազեանին, Ժիւլի Արթինօղլուին, Մարի-Գլէր Մարկոսեանին, Վալ-տը-Մառնի Ֆրանքեւհայկական դաշինքի ներկայացուցիչներ Միւռոն Գույումճեանին եւ Մարօ Տէյիրմենճեանին, «Յոյս՝ Հայաստանի համար» եւ «Շէն-Ֆրանսա» ընկերակցութիւններուն՝ իրենց տաղաւարներուն համար, Վարդան եւ Մարալ Սարմազեանին (Հայաստանէն), իրենց ասեղնագործութիւններուն համար։
Վերջաւորութեան, ան ընդգծեց դերը բոլոր անոնց, որոնք ձեռնարկին յաջողութեան համար՝ անձնուիրաբար տարած էին կազմակերպչական ծանր աշխատանք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, ի մասնաւորի՝ Միւռոն Գույումճեանին, Սթեֆանի Տարքուռին, Գլարա Գույումճեանին եւ Լէա Լեւոնեանին։
Վարձքը կատար բոլոր նուիրեալներուն։
Թ.Շ. ■