Մայրաքաղաքիս Paris FC ֆութպոլի ակումբը, որ ներկայիս կը մրցի Ֆրանսայի Բ. դասակարգին մէջ եւ լուրջ յաւակնութիւններ ունի բարձրանալու բարձրագոյն դասակարգ ու դառնալու ի միջի այլոց՝ PSG-ի, OL-ի, OM-ի մրցակից, պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը կը յայտարարէ, թէ նոր ներդրող մը ունի Հայաստանէն՝ Noah Football Group-ը, ուր ի մի եկած են հայաստանցի խումբ մը ներդրողներ եւ զորս կը ներկայացնէ Ռոման Գէորգեան։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի սակայն որ՝ օտար ներդրումներու երրորդը հանդիսացող այս մասնակցութիւնը փոքրամասնական է. ուստի, գլխաւոր բաժնետէրը կը մնայ Փիէր Ֆերաչի։ Արդարեւ, որպէս օտար ներդրողներ, Noah Football Group-էն առաջ Paris FC-էն բաժնեմասեր գնած են Պահրէյնի թագաւորութիւնը եւ BRI Sports Holding-ը, որ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ արձանագրուած՝ ներդրումներու ընկերութիւն մըն է։
Paris FC-ի հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ որ՝ հայաստանեան ներդրողներու խումբը այսուհետեւ մաս կը կազմէ ակումբին վարչական խորհուրդին, յանձին՝ Ռոման Գէորգեանի։