Ապրիլ 12-ին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակոյթի եւ համագործակցութեան հարցերու բաժնի պատասխանատու Տոմինիք Վեյս այցելած է Գաւառ եւ տեղւոյն պետական համալսարանին նուիրած է դեսպանութեան կողմէ տրամադրուած ֆրանսերէն գիրքեր: Ան հանդիպում ունեցած է համալսարանի տնօրէնուհի Ռուզաննա Յակոբեանի հետ եւ քննարկած համագործակցութեան ուղղութիւններուն առնչուող հարցեր:
Գիրքերու հաւաքածոն կազմուած է Ֆրանսայի մէջ գործող « Défis Humanitaires » մարդասիրական կազմակերպութեան նախագահ Ալէն Պուանէի նախաձեռնութեամբ, ֆրանսացի գրող Սիլվէն Թեսոնի հովանաւորութեամբ: Ծրագրին իրենց աջակցութիւնը բերած են Հրատարակիչներու ազգային արհմիութեան (Syndicat national de l’édition – SNE) նախագահ Վենսան Մոնթանյը եւ Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանային իշխանութիւնները:
Նուիրուած գիրքերուն մաս կը կազմեն ժամանակակից ֆրանսական գրականութեան նմուշներ, որոնք պիտի օգտագործուին համալսարանի ֆրանսերէն լեզուի եւ գրականութեան դասընթացներուն համար, ինչպէս նաեւ պիտի առաջարկուին ֆրանսերէն լեզուին տիրապետող ընթերցողներուն:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։