Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ երկու երկիրներու յատուկ բանագնացներու յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Մայիս 3-ին, Վիեննայի մէջ։
Լուրը հաղորդած է ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան, Դիմագիրքի իր էջով։ ■