Հայաստանի 2022 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը հաստատուած է կառավարութեան Սեպտեմբեր 30-ի նիստին:
Ըստ նախագիծին՝ Հայաստանի պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերը գալ տարի պիտի աւելնան մօտ 11 տոկոս՝ կազմելով աւելի քան 345,4 միլիառ դրամ (շուրջ 605 միլիոն եւրօ)։ Հայաստանի այս տարուան ռազմական ծախսերը կազմած են 312 միլիառ դրամ:
Պիւտճէի նախագիծին մէջ նշուած է, որ ՀՀ զինուած ուժերու պահպանման, ռազմական սարքերու, փոխադրական միջոցներու, հաղորդակցութեան համակարգի սարքաւորումներու, զօրանոցային և արհեստագիտական գոյքի, պարէնի, հանդերձանքի, վառելանիւթի սահմանուած պաշարներու մակարդակի, զէնքի և զինամթերքի հնարաւոր ներհանրապետական գնումներու, բանակի մարտունակութեան և կենսական կարիքներու ապահովման պահանջներու գոհացման համար պիտի յատկացուի պիւտճէին աւելի քան 340 միլիառը։
Ռազմաբժշկական ծառայութիւններուն համար պիւտճէէն կը յատկացուի 2 միլիառ 635 միլիոն դրամ, որ շուրջ 200 միլիոն դրամ պակաս է, քան 2021-ին այդ ոլորտին յատկացուածէն։
Իսկ ՀՀ պետական պիւտճէի համընդհանուր ծախսերը նախորդ տարուան համեմատ պիտի աճին 18,2%։