Օդապարիկով ճամբորդութեան «SkyBall» հայաստանեան ընկերութեան օդաչու Նայիրի Բարսեղեան իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Պաժենովի հետ Փետրուար 16-ին օդապարիկով կատարած է մրցանշային թռիչք մը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, «SkyBall» ընկերութեան շնորհիւ՝ օդային մարզաձեւերուն մէջ դարձած է մրցանշակիր երկիր:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին՝ Նայիրի Բարսեղեան նշած է, որ «SkyBall»-ի առանց վայրէջքի՝ ամենաերկարատեւ համաշխարհային մրցանշային թռիչքը սկսած է 2022 Փետրուար 16-ին Ռուսաստանի Օրէնպուրկի շրջանէն ժամը 08-ին, եւ վայրէջք կատարած են Փետրուար 17-ի երեկոյեան, ժամը 18.45-ին: Թռիչքի տեւողութիւնը եղած է 34 ժամ 41 վայրկեան:
Մինչ այս, մրցանիշը կը պատկանէր 32 ժամ 12 վայրկեան տեւած թռիչքի մը:
Նշենք, որ Նայիրի Բարսեղեան իր ռուս գործընկերոջ՝ Պաժենովի հետ Յունուար 17-ին ալ կատարած էր բացառիկ թռիչք մը Գիւմրիէն Երեւան, անցնելով Արագած լեռան գագաթներուն վրայէն: