Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մահ՝ Համլէթ Գասպարեանի

Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Սեպտեմբեր 24-ին, 71 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է «Ազգ» օրաթերթի նախկին խմբագիր, ՀՀ նախագահի խորհրդական Համլէտ Գասպարեան։

Ողբացեալը եղած է Ռումանիոյ եւ Չեռնոկորիոյ (Մոնթենեկրօ) մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ գործերու առժամեայ հաւատարմատար։ Աշխատած է Երեւանի հրատարակչութիւններուն մէջ որպէս սրբագրիչ, հրատարակչական խմբագիր, եղած է «Ազգ» օրաթերթի խմբագիրը, Հանրային հեռատեսիլի տնօրէն։ Ան նաեւ հեղինակն էր յատկապէս Շառլ Ազնաւուրի նուիրուած,- որու մեծ երկրպագուներէն էր ինք,- ֆրանսերէն բազմաթիւ գիրքերու հայերէն թարգմանութեան։