Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի և թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներու մէջ Սեպտեմբեր 27, ժամը 10-ին կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայրենեաց պաշտպաններու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ: