Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Վարչապետը ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի պատուիրակութիւնը

Վարչապետ Փաշինեան Մայիս 3-ին ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ բարձր գնահատած անոնց ներդրումը ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման գործին մէջ: Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ երկու երկիրներու օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինները կը համագործակցին սերտօրէն եւ ատոր մէջ մեծ է նաեւ բարեկամութեան խումբին աւանդը: “Ձեր այցերը մեր երկիր մեծ եւ դրական լիցք են հաղորդում հայ-ֆրանսիական գործընկերութեան շարունակական ամրապնդմանը”,– ըսած է վարչապետ Փաշինեան: 

Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծած, որ հետագային եւս ջանքերը պիտի ուղղուին երկկողմ գործընկերութեան զարգացման: “Մենք պիտի մնանք Հայաստանի ու Արցախի կողքին”,– ըսած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբին ղեկավարը՝ յիշեցնելով, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղուած բանաձեւը ստացած է ծերակուտականներու լայն աջակցութիւնը։

Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Ծերակոյտի ընդունած բանաձեւը հսկայական քաղաքական նշանակութիւն ունի, որ մեծ ուժ եւ վստահութիւն կը հաղորդէ Արցախահայութեան իրաւունքներու միջազգային ճանաչման համածիրին մէջ: 

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ դեռ Ազերպայճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիներուն, պատանդներուն եւ այլ քաղաքացիական անձերու վերադարձի ապահովման, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, մարդասիրական խնդիրներուն, ինչպէս նաև Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման վերաբերող հարցերու: