Հայրենադարձներու ներկայացման երեկոյթը
Ապագայ միջազգայնագէտ Ռայիտ Պեշչաքալեան արդէն մէկ ու կէս տարի է, որ կը բնակի Երեւան։ Երիտասարդը Պաղտատէն Երեւան բերած է հայրենիքի մէջ կրթութիւն ստանալու եւ աշխատելու փափաքը։
“Ես կը սիրեմ Հայաստանը, եկած եմ եւ կ’աշխատիմ այստեղ։ Կ’ուզեմ օգնել Հայաստանին ինչով որ կրնամ”,– նշած է ան։
Ռայիտը մէկն է այն 80 հայրենադարձներէն, որոնք կը մասնակցէին Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կազմակերպած հայրենադարձներու ներկայացման եւ մտքերու փոխանակման երեկոյթին։ Միջոցառումը, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 20 երկիրներէ հայրենադարձ երիտասարդներ, կազմակերպուած էր «Հայրենադարձութեան շաբաթ» նախագծի ծիրէն ներս:
Մասնակիցներէն Յակոբ Յակոբեան եկած է Ֆրանսայէն եւ Հայաստանի մէջ հիմնած է գործարարութիւն մը: Ան յոյս ունի, որ իր այդ քայլով օգտակար կը դառնայ հայրենիքին:
“Կը պատրաստուիմ Հայաստան մնալու։ Տակաւին շատ գործեր ունինք կատարելու եւ ունինք տարբեր ծրագրեր, զորս պէտք է իրականացնենք”,– ըսած է հայրենադարձ գործարարը։
Հրաւիրեալներու ցանկին մէջ էին նաեւ այն ընկերութիւներուն ներկայացուցիչները, որոնք ունին սփիւռքահայ աշխատակիցներ։ ARCTX տեղեկատուական արհեստագիտական ընկերութեան ներկայացուցիչը նշած է, թէ աշխատակիցներուն մէջ Սփիւռքահայերուն տոկոսը այնքան ալ բարձր չէ, բայց պատրաստ են առիթ տալու անոնց՝ հայրենիք վերադառնալու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտէն ներս աշխատանք ունենալու։
“Մեր նպատակն է, օգտագործելով Սփիւռքի ներուժը, բարձրացնել այդ տոկոսը, որպէսզի մեր կազմակերպութիւնը ունենայ աւելի շատ սփիւռքահայ գործընկերներ”,– յայտնած է Մուշեղ Ասլիկեան։
Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան շեշտած է նման ձեռնարկի կարեւորութիւնը եւ ընդգծած, թէ ան հայրենադարձներուն առիթ կու տայ զիրար ճանչնալու, ծանօթանալու եւ հետաքրքրական գաղափարներ բաժնելու:
“«Հայրենադարձներու շաբաթը» նախաձեռնութիւն մըն է, որ կարելիութիւն կը ստեղծէ ի մի բերելու վերջին մէկ տարուան ընթացքին հայրենադարձութեան հետ կապուած մեր ծրագրերը։ Հակառակ բացասական այն բոլոր երեւոյթներուն, զորս դիմագրաւեցինք անցեալ տարի՝ հայրենադարձութիւնը իրականութիւն է”,– ըսած է Սինանեան։
Ան յայտարարած է, որ կը ստեղծեն հայրենադարձութեան ընտելացման կեդրոն մը, ուր մէկ պատուհանի սկզբունքով՝ հայրենադարձը գործ պիտի ունենայ ընդամէնը մէկ անձի հետ, որ անոր պիտի աջակցի օրէնքին հետ կապուած բոլոր հարցերով։
Թղթակցութիւն՝ Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակէն