Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայկական ընկերութիւնները պիտի մասնակցին Փարիզի VivaTech-2022 ցուցահանդէսին

Հայկական արհեստագիտական ընկերութիւնները իրենց արտադրանքն ու լուծումները Հայաստանի միացեալ տաղաւարի մը տակ պիտի ցուցադրեն Փարիզ կայանալիք VivaTech-2022 ցուցահանդէսին։

Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը դիմումներ կ՚ընդունի ոլորտի ընկերութիւններէն։ Մարտ 7-ը՝ դիմումներու վերջին պայմանաժամն է։

VivaTech-ը սոյն կալուածի՝ Եւրոպայի ամենամեծ իրադարձութիւնն է: Վեցերորդ անգամ տեղի ունեցող ցուցահանդէսը իր դռները պիտի բանայ Յունիս 15-էն 18, Փարիզի Expo Porte de Versailles-ի սրահներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ առցանց։

VivaTech-ը  կը համախմբէ start-up-ներ, գիտնականներ, մեծ ընկերութիւններ, ներդրողներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններ ամբողջ աշխարհէն։