1949-ին Լոնտոն ծնած Սիան Սրբուհի Էլիա հայկական ծագում ունի հօր կողմէն եւ կալլէսական՝ մօր կողմէն:
Իր ընտանիքը Նոր Զելանտա կը հաստատուի 1952-ին: Ան իրաւաբանութիւն կ’ուսանի Օքլանտի Համալսարանին մէջ, ապա՝ Սթենֆորտի: Ան փայլուն իրաւաբանական ասպարէզ մը կ’ունենայ, որ կը բնութագրուի բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն ի նպաստ յանձնառութեամբ, յատկապէս Ուայթանկիի դաշնագրին առնչուող գործերուն մէջ: 1999-ին կը դառնայ Նոր Զելանտայի Բարձրագոյն դատարանի (Haute Cour) նախագահ, որ 2004-ին կը վերածուի Գերագոյն դատարանի (Cour Suprême), որուն նաեւ կը նախագահէ մինչեւ 2019: Էլիա կարեւոր դեր կը խաղայ նորզելանտական դատական համակարգի զարգացման մէջ եւ բազմիցս կը գործէ որպէս առժամեայ ընդհանուր կառավարիչ:
Իր ամբողջ ասպարէզի ընթացքին ան կ’ընդգծէ դատական անկախութեան եւ օրէնքի գերակայութեան կարեւորութիւնը, պաշտպանելով արդարադատութեան մատչելիութիւնը եւ աշխատելով դատական ընթացակարգերը աւելի թափանցիկ եւ արդար դարձնելու ուղղութեամբ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։