ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը հաղորդեն, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան այն քաղաքացիները, որոնք Ուքրաինայի իրադարձութիւններու պատճառով մտադիր են Հայաստան վերադառնալու՝ անցնելով Լեհաստանի, Սլովաքիոյ, Հունգարիոյ, Ռումանիոյ և Մոլտովայի սահմաններէն, վիզա (Շէնկէնի գօտիի երկիրներու պարագային՝ Շէնկէնի վիզա) չի պահանջուիր:
ԱԳ Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ընդունելու Ուքրաինայի մեր հայրենակիցները, անոնց ընտանիքի անդամները, ինչպէս նաև այդ երկրէն այլ գաղթականներ: