Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ ԱԳՆ.– Ուքրաինայի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները կ՚աշխատին բնականոն կարգով 

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան Փետրուար 14-ին յայտարարած է, թէ ԱԳ նախարարութիւնը ուշադիր կը հետեւի Ուքրաինայի քաղաքական զարգացումներուն։

Ան Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-

«Ուքրաինայի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները (Քիեւի դեսպանութիւնը և Օտեսայի աւագ հիւպատոսութիւնը) կ՚աշխատին բնականոն կարգով` մնայուն կապի մէջ ըլլալով ՀՀ քաղաքացիներուն հետ, որոնց՝ անհրաժեշտ պարագային կը տրուին լրացուցիչ ուղղութիւններ»։