Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«ՀՀ վարչապետը կա՛մ չի գիտեր, կա՛մ միտումնաւոր կը խեղաթիւրէ ինքնորոշման իրաւունքի և տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարաբերութիւնը միջազգային իրաւունքին մէջ»

ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը Յունուար 26-ին ստորեւ տրուած յայտարարութիւնը հրապարակած է ՀՀ վարչապետի պնդումներուն մասին։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է․-

«ՀՀ վարչապետը 2022 Յունուար 24-ի ասուլիսին մէջ թոյլ տուած է այնպիսի հաստատումներ, որոնք մէկ կողմէն կը խեղաթիւրեն պատմական փաստերը, միւս կողմէն` գրեթէ նոյնութեամբ կը կրկնեն ազէրպայճանա-թրքական թեզերը, որոնց դէմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցը տեւականօրէն արդիւնաւէտ պայքար կը մղեն։ Ներկայիս չափազանց ցաւալի է Հայաստանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարի շրթներէն լսել թշնամական թեզերու կրկնութիւնը։

Ի թիւս բազմաթիւ թշնամահաճոյ պնդումներու, Փաշինեան յայտարարած է, թէ “Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չէ վարած”, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը ան գլխաւորապէս համարած է սփիւռքեան գործունէութեան արդիւնք։  Հայ դատ ըսելով, Փաշինեան տուեալ պարագային, հաւանաբար, նկատի ունի Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցը՝ դիտաւորութեամբ մոռացութեան մատնելով այն փաստը, որ 1921-ին Կարսի պայմանագիրը, որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն առ ոչինչ է, ցայսօր ընդունուած չէ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ որպէս Հայաստան-Թուրքիա սահմանի իրաւական հիմք։ Այդ մասին կը վկայէ 2009 Հոկտեմբեր 10-ին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձին մէջ կատարուած հետեւեալ հաստատումը.-

“Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ սահմաններու հարցը ենթակայ է լուծման՝ միջազգային իրաւունքին համաձայն: Արձանագրութիւնները անկէ աւելի ոչինչ կ’ըսեն”։ Աւելի՛ն, Զիւրիխեան արձանագրութիւններու սահմանադրականութեան մասին ՀՀ Սահմանադրական դատարանի 2010 Յունուար 12-ի որոշումով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը նշուած է իբրեւ “փաստացի սահման”։

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին կողմէ կազմուած եւ 2015 Յունուար 29-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ ներկայացուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրը եղած է եւ կը մնայ Հայոց ցեղասպանութեան առնչակից հանգամանքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին համազգային եզակի փաստաթուղթ, որ իր ընդհանուր բովանդակութեամբ եւ ընդունման համախոհութեամբ ցայսօր կը շարունակէ բարձր արժէք ունենալ։ Պէտք է արձանագրել նաեւ այն փաստը, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը գլխաւորապէս եղած է սփիւռքեան կառոյցներու գործունէութիւն, այդ գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը բազմապատկուած է այն ատեն, երբ ՀՀ օրուան իշխանութիւնները սատարած են այդ գործին՝ 1990 Օգոստոս 23-ին որդեգրուած Հայաստանի անկախութեան հռչակագրով ստանձնուած յանձնառութեան համապատասխան։

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ՀՀ այս իշխանութիւններու կողմէ կառավարութեան գործունէութեան ծրագրին կատարուած անընդհատ յղումներուն մասին անդրադառնալով, պէտք է նկատել, որ ՀՀ կառավարութեան 2021-2026-ի ծրագրին մէջ նշուած է․– “Կառավարութիւնը՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պիտի ծառայեցնէ ոչ թէ տարածաշրջանի լարումի աճին, այլ ընդհակառակն՝ տարածաշրջանի լիցքաթափման նպատակին”։ Հարց կը յառաջանայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը համադրել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացման հետ։ Պէտք է նաեւ ուշադրութեամբ նկատել, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կառավարութեան ծրագրին մէջ չի ներկայացուիր իբրեւ գործընթաց, որ կը խօսի ՀՀ արտաքին քաղաքական օրակարգէն ճանաչման գործընթացը դուրս բերելու մասին։

Հայաստանի վարչապետը չէ խորշած նաեւ խիստ վտանգաւոր յայտարարութիւններ ընելէ Արցախեան հիմնահարցին մասին։ Կը ցաւինք, որ Հայաստանի վարչապետը կա՛մ այնքան անպատրաստ է, որ չի գիտեր, կա՛մ միտումնաւոր խեղաթիւրած է ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարաբերութիւնը միջազգային իրաւունքին մէջ։ Ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարաբերութեան վէճը աւելի յստակացած է Արդարադատութեան միջազգային ատեանի՝ միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ Քոսովոյի կողմէ անկախութեան միակողմանի համապատասխանութեան մասին 2010 Յուլիս 22-ի խորհրդատուական որոշումով։ Աւելի չխորանալով այդ որոշման իրաւաքաղաքական ծալքերուն մէջ՝ միայն նշենք, որ Դատարանը ուղղակի արձանագրած է՝ “տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կիրարկման ոլորտը կը սահմանափակուի ճանչցուած պետութիւններու յարաբերութիւններու ոլորտով”։

Իբրեւ եզրակացութիւն՝ Դատարանը ընդունած է, որ միջազգային իրաւունքը չ’արգիլեր անկախութեան միակողմանի հռչակումները։ Աւելի՛ն, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեամբ սահմանուած՝ իրաւունք եւ սկզբունք հասկացութիւնները իրարմէ կը տարբերին, եւ սկզբունքները միտուած են իրաւունքներու ապահովութեան, ոչ թէ հակառակը։ Հետեւաբար, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ ինքնորոշման իրաւունքը չեն կրնար հակադրուիլ, իսկ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազէրպայճանի Հանրապետութեան միջեւ առհասարակ չի կրնար յառաջանալ տարածքային ամբողջականութեան հարց, քանի որ, ինչպէս արձանագրած է Արդարադատութեան միջազգային ատեանը, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կրնայ կիրարկուիլ զիրար ճանչցած երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ։ Այսպէսով, փոխանակ օգտուելու Թուրքիոյ եւ Ազէրպայճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ հայկական կողմի դիրքերը ամրապնդող առարկայական հանգամանքներէն, ՀՀ իշխանութիւնները, անկարող ըլլալով ատիկա ընել, ամբողջապէս կը կատարեն ազէրպայճանա-թրքական թեզերու ամօթալի կրկնութիւնը, իսկ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին մէջ բաւարարած են թրքական յայտնի նախապայմանները։

ՀՅԴ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ կառոյցը, անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական ու ամօթալի դիրքորոշումներէն, կը շարունակէ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ այն վստահութեամբ, որ այդ իրաւունքներու պաշպանութիւնը չի կրնար պայմանաւորուած ըլլալ անցողիկ եւ ապաշնորհ իշխանութիւններու գոյութեամբ»։