Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան կոմիտէի յայտարարութիւնը

«Անգամ մը եւս, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները ոտնակոխելով հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութիւնը, ընտրած են թուրքերու հետ սիրախաղութեան ուղին, տեղի տալով թրքական 3+1 նախապայմաններուն (հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան պահանջներէն, ընդունիլ Արցախը որպէս Ազէրպայճանի մաս, ճանչնալ Թուրքիոյ սահմանները եւ վերջերս առաջ մղուած այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը)։

Հայաստանի եւ Արցախի յաղթանակները մսխած, մեզ պարտութիւն ու աղէտ բերած եւ Նոյեմբեր 9-ի չարաբաստիկ անձնատւութիւնը ստորագրած անձը, ի վիճակի չէ թշնամիներուն հետ բանակցութիւններ վարելու, առաւել եւս խաղաղութիւն մուրալու եւ համայն Հայութեան ազգային շահերը պաշտպանելու։ Այդ մէկը անհնար է պարզապէս։

Հայաստանը եւ Արցախը դէպի կործանման տանող եւ իրերայաջորդ զիջողական ու պարտուողական առկայ ընթացքին վերջ տալու միակ ելքը, այս ապազգային իշխանութեանց անյապաղ հեռացումն է Հայաստանի ղեկավարութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը վերադարձնել իր բնական հունին։

ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան կոմիտէն կը մերժէ՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ոչ-հայանպաստ հայ-թրքական յարաբերութիւնները, կը դատապարտէ՝ Հայ ազգի արդար իրաւունքները ուրացող խաղաղութեան սիրախաղութիւնը, կը հաստատէ՝ Հայ դատի հետամուտ ըլլալու վճռակամութիւնը, կը նորոգէ՝ Հայ ազգի շահերուն հանդէպ պահանջատէր մնալու իր ուխտը։

Հայաստանի Հանրապետութեան ապահովութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, Արցախի ազատութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը եւ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած սերունդներուն իրաւունքները, կարմիր գծեր են, որոնց ոտնահարումին ու շրջանցումին կարելի չէ հանդուրժել։

Հայաստան աշխարհն ու Հայ ազգը ստեղծուած են յարատեւ գոյութիւն ունենալու եւ արժանի են այդ սրբութիւները գնահատող եւ պահպանող ազգային ղեկավարութեան մը ստեղծման։

ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէ

2022 Յունուար 4