Փետրուար 28-ին Երեւանի մէջ սկսած է ՀՅԴ 34-րդ ընդհանուր ժողովը:
Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ընկերներուն առաջնորդութեամբ, ժողովի բացման նախօրեակին այցելած են Եռաբլուր պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհած Հայոց ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն:
Ընդհանուր ժողովը, որ ՀՅԴ համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը գումարուի 4 տարին անգամ մը: 34-րդ Ընդհանուր ժողովը առաջինն է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք. պիտի տեւէ մինչեւ 2022 Մարտ 8: