Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱԿ-ը՝ Ազէրպայճանի անդամակցութեան 30-ամեակը պիտի նշէ Շուշիի մէջ 

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան հակազդեցութիւնը

ՄԱԿ-ը որոշած է Ազէրպայճանի անդամակցութեան 30-ամեակը ձեռնարկով մը նշել Շուշիի մէջ։

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով հակազդած է նշեալ որոշումին։ Ստորեւ նախարարութեան կողմէ  այս առնչութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնը.-

«Պաշտօնական Բաքուն, իր ոճին համահունչ, շարունակում է ապակառուցողական քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած Արցախի նկատմամբ իր նախայարձակման արդիւնքների օրինականացմանը՝ փորձելով այդ գործընթացում ներգրաւել եւ օգտագործել նաեւ միջազգային հանրութեանն ու տարբեր կառոյցների։

Այդ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է՝ ՄԱԿ-ին Ադրբեջանի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան կազմակերպումը Արցախի բռնագրաւուած Շուշի քաղաքում, եւ միջոցառմանը՝ ՄԱԿ-ի ու նրա ենթակայ կառոյցների ներկայացուցիչների մասնակցութիւնը։

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ն խստիւ դատապարտում է նման ձեռնարկի անցկացումը՝ Շուշիում։

ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչների մասնակցութիւնը՝ Ադրբեջանի յարձակման եւ հայատեացութեան գլխաւոր թիրախներից մէկը հանդիսացող բնակավայրում կազմակերպուող միջոցառման, հակասում է միջազգային այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնադրոյթներին, գաղափարախօսութեանն ու առաքելութեանը եւ, անկասկած, օգտագործուելու է Ադրբեջանի կողմից իր մարդատեաց քաղաքականութեան օրինակացման նպատակով։

Սա նաեւ լուրջ հարուած է ՄԱԿ-ի հեղինակութեան, ինչը բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ կազմակերպութեան աշխատանքների արդիւնաւէտութեան վրայ»։