Հինգշաբթի, Փետրուար 17-ի երեկոյեան Մարսիլիոյ մէջ, տեղւոյն Օլեմփիքին եւ Արցախի (Ղարաբաղ) հետ ոչ մէկ կապ ունեցող եւ արուեստականօրէն FC Qarabag անուանուած ազէրպայճանական ակումբին միջեւ տեղի կ՚ունենար Ligue Europa Conférence-ի 1/16-րդ եզրափակիչի ի հաշիւ մրցումը։ Այս առթիւ ֆրանսական ոստիկանութիւնը ապահովութեան խիստ միջոցներու ձեռնարկած էր, նա՛եւ ընդառաջելով ազէրպաճանական կողմին մտավախութիւններուն, որ իբրեւ պատճառաբանութիւն ցոյց տուած էր քաղաքին հայահոծ բնոյթը։
Ի վերջոյ, բռնութեան ոչ մէկ արարք արձանագրուած է։ Մրցումի ընթացքին, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Նոր Սերունդի, հայ երիտասարդները խաղաղ միջոցներով արտայայտուած են, ծածանելով Հայաստանի ու Արցախի դրօշներ եւ պարզելով՝ «Ղարաբաղը Հայաստա՛ն է», «Ազէրպայճան ոճրագործ երկիր է», «Ճանչցէ՛ք Արցախի Հանրապետութիւնը», «Շուշի՛, ո՛չ՝ Շուշա» արձանագրութիւններով պաստառներ։
Նշենք, որ խաղը աւարտեցաւ Մարսիլիոյ Օլեմփիքին 3-1 յաղթանակով։
ԻՒԷՖԱ քննութիւն կը բանայ հայկական եռագոյններուն եւ պաստառներուն պատճառով
Հայոց այս խաղաղ բողոքն իսկ խանգարած է Պաքուն։ Ազէրպայճան դիմած է ԻՒԷՖԱ-ին, որ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ընդունած է քննութիւն բանալ ու մրցումին յաջորդող օր՝ Ուրբաթ, Փետրուար 18-ին իսկ յայտարարած է թէ կարգապահական քննութիւն կը յարուցէ Մարսիլիոյ Օլէմփիքին դէմ։
Ծանօթ է, որ ԻՒԷՖԱ չի սիրեր քաղաքական երանգի պատգամներով պաստառներ կամ արարքներ տեսնել մարզադաշտերուն մէջ։ Միայն թէ՝ ազէրպայճանական այս նո՛յն ակումբին ղեկավարներէն մէկն էր, որ Արցախեան վերջին պատերազմի օրերուն ընկերային ցանցերէն կոչ կ՚ընէր «բոլո՛ր Հայերը սպանել»-ու, եւ զարմանալիօրէն ոչ մէկ լուրջ պատիժ սահմանուեցաւ ենթակային ու ակումբին դէմ, որուն մաս կը կազմէր ան։ Բայց, այս ամբողջին բացատրութիւնը թերեւս ալ շատ պարզ է. արդարեւ, ազէրպայճանական նաւթային «Socar» ընկերութիւնը ԻՒԷՖԱ-ի գլխաւոր հովանաւորողներէն է իր գովազդերով… եւ այսքանը արդէն ինքնին շատ աւելի ծանր կը կշռէ քան՝ բարոյականութիւն, արդարութիւն կոչուող եւ այլ նման մանրուքները…