Գրեց՝ ՍՏԵՓԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Տարիներ ու տասնամեակներ կ՚անցնին շատ արագ, եւ մարդիկ կը մոռնան շատ բան. մա՛նաւանդ երբ անոնք առնչութիւն չեն ունեցած տուեալ դէպքին ու շրջանակին հետ։ Գրութեանս առիթ տուողը հետեւեալն է.-
2016-ին բոլորովին պատահմամբ նախ հեռախօսային, յետոյ թղթակցական կապ հաստատուեցաւ իմ եւ նախկին Մարսիլահայ՝ երկար տարիներէ ի վեր Գանատա հաստատուած հայրենակիցի մը միջեւ։ Ան կը կոչուի Ժան Անթիկեան, որ այստեղէն իր ծնողին հետ գաղթած է երբ հազիւ պատանի էր։ Հոս ունի ազգականներ, որոնց պարբերաբար այցելելու եկած է եւ անոնց մօտ գտած մարսիլահայ գաղութի պատմութեանս ֆրանսերէն տարբերակը La Communauté arménienne de Marseille։ Եւ անոնցմէ ստացած է հասցէս եւ հեռախօսի համարս։ Խիստ ցաւօք սրտի, Քղեցի եւ ազգայնական ծնողաց այս զաւակին հայերէնը շատ աղճատ վիճակի մնացած է, եւ մեր յարաբերութիւնը Մոլիէռի լեզուով կ՚ընթանայ, հակառակ անոր որ ինք ալ գործուն մասնակցութիւն կը բերէ գանատահայ համայնքային կեանքին։ Եւ խօսքը խօսք բանալով իրեն ըսի որ՝ հայրը ճանչցած եմ ԱՐՄԵՆԻԱ երգչախումբին մէջ, երբ ան արդէն հասուն մարդ էր եւ ես երգչախումբին ճուտիկը, benjamin-ը։ Ասոր վրայ ինծի ուղարկեց մի քանի լուսանկարներ որոնցմէ մէկը կու տամ հրատարակութեան։ Եւ աւելորդ չէ ըսել որ՝ մէջս փափաքը արթնցաւ այդ համոյթին մասին գրելու, գէթ անկատար կերպով մոռացութեան փոշիէն փրկելու համար մարսիլահայ մշակութային կեանքի մէկ երեսակը։
* * *
Վարդան Սարգսեան ծնած է 1892-ին, Պոլսոյ ասիական ափին՝ Սկիւտար։ Անտեղեակ եմ անոր մանկութեան ընթացքի cursus-ին, նաեւ ուսման մակարդակին։ Երբ 1910-ին մեծանուն Կոմիտաս Վարդապետ Սողոմոնեան եկաւ Պոլիս հաստատուիլ, իր շուրջը բոլորուեցաւ Պոլսոյ երաժշտասէր ու յառաջդիմական երիտասարդութիւնը եւ կազմուեցաւ 300 երգիչներով ԳՈՒՍԱՆ երգչախումբը։ Այդ երիտասարդներէն մի քանին դարձան վարդապետին սիրելիները եւ 1920-էն ետք երբ Կոմիտաս Վարդապետ կենդանի մեռել դարձաւ, շարունակեցին անոր գործը Սփիւռքի զանազան վայրերուն մէջ։ Անոնցմէ էր Վարդան Սարգսեան։ Տեղեակ չեմ թէ ան՝ ի՞նչ երաժշտական մակարդակի էր երբ մօտեցաւ Վարդապետին։ Տեղեակ չեմ նաեւ որ 1910-14 կարճ տարիներու ընթացքին,– Վարդապետը, որ յաճախ կը բացակայէր Օսմանեան մայրաքաղաքէն,– ի՞նչ մեթոտներով ու ձեւերով անոնց երաժշտական կարողութիւնները բարձրացուց, կատարելագործեց։ Եւ վերջապէս տեղեակ չեմ թէ անոնք ինչպէ՞ս անցուցին արհաւիրքի (1914-18) տարիները։ Մէկ բան յստակ է, որ պատերազմէն յետոյ Վ. Սարգսեան կայք հաստատած է Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւսէլի մէջ, ուր կար փոքրաթիւ հայ գաղութ, եւ հոն ծանօթացած կարեւոր գործատէր Վահան Խորասանճեանի հետ, իրեն պէս Պոլսեցի։ Ծանօթ է բոլորին որ՝ շնորհիւ առաջնորդ Գրիգորիս եպիսկոպոս Պալաքեանի, Խորասանճեան մեկենասն է եղած Փրատոյի պողոտային վրայ գտնուող, զուտ հայկական ոճով կառուցուած Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցիին։
1931-ի աշնան, եկեղեցւոյ օծման առթիւ Վ. Սարգսեան Մարսիլիա եկած է եւ շուտով մարզած երկսեռ փոքրաթիւ երգչախումբ մը, որ յաջողութեամբ կատարած է օծման պատարագի երգեցողութիւնը։ Քաջալերուած անկէ, այն ատենուան գաղութի ղեկավար գլուխները փափաքած են երգչախումբը ընդլայնել եւ տեւականացնել, եւ զայն կոչած են ԱՐՄԵՆԻԱ։ Վ. Սարգսեան 1936-ին կրկին քաղաքս եկած է եւ համերգ տուած։ Նոյն համոյթը քանիցս ղեկավարելու հրաւիրուած է վաղամեռիկ երգահան Գուրգէն Ալէմշահ։ Պատերազմի հինգ տարիներուն, ինչպէս ամէն ինչ, երգչախումբը եւս մտած է ձմեռնաքունի (hibernation)։ Պատերազմի աւարտին Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ վարչութիւնը Վ. Սարգսեանը հրաւիրած է ստանձնելու եկեղեցւոյ երաժշտապետի պաշտօնը, եւ ան՝ առաջարկը ընդունելով, 1946 գարնան եկած է ընտանեօք քաղաքս հաստատուիլ։ Ես անոր ծանօթանալու առիթը ունեցայ միայն 1949-ի աշնան, երբ 17 տարեկան էի։ Նախկին կազմէն քանի՞ հոգի արդեօք եկաւ նորոգուած երգչախումբին միանալու։ Կա՞յ արդեօք ԱՐՄԵՆԻԱ երգչախումբի 25-ամեայ գործունէութեան արխիւը։ Եւ եթէ այո՛, ապա ո՞ւր է։
Երգչախումբը իր անդրանիկ համերգը տուաւ 1946 Դեկտեմբերին Casa d’Italia-ի ընդարձակ սրահին մէջ, ի ներկայութիւն նոր ժամանած Հայրապետական պատուիրակ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի։ Այնուհետեւ տարեկան համերգներ՝ մինչեւ 1951. ապա երկու տարին մէկ՝ 1953-ին եւ 55-ին։ Մարսիլիայէն դուրս ալ երկու համերգ՝ Լիոն՝ 1950-ին եւ 52-ի Մայիս կամ Յունիս ամիսներուն։ Յիշատակելի է նաեւ Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 80-ամեակին առթիւ տրուած հոգեւոր համերգը։ Ցաւօք ԱՐՄԵՆԻԱ համոյթը չունեցաւ հովանաւոր մարմին մը (ինչպէս 20 տարի յետոյ ունեցաւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը) որ զինք դուրս բերէր մարսիլահայ նեղ շրջանակէն ու մա՛նաւանդ ծանօթացնէր ոչ-հայ հանրութեան։ Կար «ներքին» վարչութիւն մը բաղկացած՝ Բարունակ Սիմիթեանէ, Շաւարշ Փիրանեանէ եւ Կարպիս Յարութէ. բարի մարդիկ, որոնք սիրայօժար հոս ու հոն կը վազէին ձեռնարկները յաջողցնելու եւ պիւտճէն հաւասարակշռելու համար։
Ես պարոն Սարգսեանին ծանօթացայ եւ երգչախումբ մտայ հետեւեալ պարագաներու տակ.-
Կիսասարկաւագ էի արդէն եւ ատեն-ատեն Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցին կը յաճախէի։ Ձայնագրութիւն չէի գիտեր, եւ որովհետեւ երաժշտանոցը բոլորովին անգէտները չէր ընդուներ, պրն Սարգսեանէն մի քանի ամիս մասնաւոր եւ վճարովի դասեր առի։ Արդէն 60-ի մօտեցող միջահասակ, նիհար եւ թուխ մորթով մարդ էր։ 17 տարեկան էի, ձայնափոխութիւնս լրացած էր, եւ մի քանի շաբաթ վերջ ինծի առաջարկեց միանալ երգչախումբին. ճուտիկն էի եւ մնացի մինչեւ վերջը. մարդիկ զիս հազիւ կը բարեւէին, ֆրանսերէն քիչ մը հեգնական դարձուածքով j’étais le minot։ Բարեբախտաբար, մի քանի ամիս յետոյ Պօմոնի մեր նախկին դրացիներէն Պօղոս Ազատեան,– որ ինձմէ երկու տարու մեծ էր,– եկաւ անդամակցիլ եւ ես ունեցայ հոն անկեղծ բարեկամ մը։ Նախօրօք լսեր էի 60 կամ 70 թիւ մը։ Վարի լուսանկարը կը հաշուէ 30 իգական եւ 20 արական ձայներ։ Հոն ո՛չ Պօղոսը կայ, ո՛չ ալ ես. կ՚ենթադրեմ որ քաշուած ըլլալու է 1946-ի եւ 49-ի ամառներուն միջեւ, եկեղեցիին բակին մէջ. իմ ատեն, երգչախումբի վերջին շրջանին 55 անդամը անցնելու չէինք, քանի մէկ autocar-ով Լիոն գացինք, մի քանի հոգի ալ աթոռակներուն (strapontin) վրայ նստած ըլլալով։ Քանակութեամբ եւ որակով տկար ձայնը թէնորներն էին. անոնց մեներգիչն էր,– առ ի չգոյէ լաւագոյնի,– Գուրգէն Ստեփանեան։ Պասերուն մեներգիչը՝ Քղեցի Գեղամ Շէհրէրեան, որ բազմաձայն էր։ Ալթօներունը՝ Մարի Սիմոնեան, որ յետոյ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբին մէջ ալ մինչեւ խոր ծերութիւն երգեց իր ուժեղ ձայնով։ Սոփրանօները ունէին երկու մեներգչուհիներ, օրիորդ Գիմպիւլեան, որ 50-ը լայնօրէն անց էր եւ տիկ. Զապէլ Մորընոն։ Այս վերջինը Ցեղասպանութեան որբուհիներէն էր եւ Մարի Սիմոնեանին հետ միասին մեծցեր էին Դպրոցասէր Տիկնանց որբանոց-վարժարանը։ Գեղեցիկ կին էր, զմայլելի ձայնով եւ բախտը ունեցեր էր իրմէ տարիքով մեծ, քաղաքիս յայտնի ակնաբոյժներէն տոքթ. Morenon-ի հետ ամուսնանալու, որ զինք շատ կը շփացնէր։ Փորձեր ու պատարագներ առիթ էին իրեն իր զանազան մուշտակներն ու ոսկեղէնները ցուցադրելու։ Ամէնուն վրայ բարձրէն կը նայէր եւ ասոր համար ալ շատերուն սիրելի չէր։ Ceci pour la petite histoire։
Մաէսթրօն ամէն մարդու պէս ունէր անշուշտ իր համակրածները երգչախումբին մէջ, բայց զուսպ էր ու սակաւախօս ու ցոյց չէր տար։ Արտաքուստ ամէնուն հետ կը պահէր նոյն հեռաւորութիւնը։ Եւ երբեք չլսեցի իր բերնէն դոյզն իսկ կատակ մը։ Մասնաւոր դասերուս ընթացքին համբերատար էր. բայց միշտ աչքը ժամացոյցին՝ մէկ վայրկեան իսկ չէր անցըներ, կը դադրեցնէր։ Իսկ խմբական փորձերու ատեն, իւրաքանչիւր մարզումէ յետոյ երբ ձայները միացնէր եւ տակաւին խժաձայներ ելլէին, երկու ձեռքով ականջները փակելէ յետոյ,– «ականջներուս կը հայհոյէք» կը գոռար, ու սենեակէն դուրս կ՚ելլէր պահ մը, մինչեւ բարկութեան հանդարտիլը։
Վարդան Սարգսեան ուշ ամուսնացած էր նոյնպէս Պոլսեցի օրդ. Արուսեակ Սետեֆճեանի հետ։ Լեզուանի, մարդամօտ եւ հիւրասէր կին մը։ Կարծեմ իր բնատուր յատկութիւնները աւելի կը շեշտուէին իրենց կեանքի պայմաններէն։ Ունէին երկու զաւակ, մանչ մը եւ աղջիկ մը, որուն անունը չեմ յիշեր։ Երբ անոնք հոս հաստատուելու եկան, զաւակները հազիւ պատանի էին։ Տղան՝ Եդուարդ (Էտի), հետագային դարձաւ բաւական յաջողակ ճարտարապետ, իսկ աղջիկը կանուխ անհետացաւ մարսիլահայ երկնակամարէն։ Դուրսէն դիտուած,– եւ կարծեմ ներքուստ ալ նոյնը ըլլալու էր,– Սարգսեան ընտանիքին կենսամակարդակը (train de vie) շատ պերճ չէր երեւար։ Իրենց եկամուտին կարեւոր մասը կազմելու էր եկեղեցիէն ստացած ռոճիկը (ըստ լսուածներուն՝ smic-էն շատ բարձր չէր), առաւել մասնաւոր դասերը եւ համերգներէ գոյացած հասոյթը, ծախսերը հանելէ յետոյ։ Տարիներու ընթացքին զինք միշտ կը տեսնէինք նոյն տարազով, որ ի վերջոյ «յոգնութեան» նշաններ ցոյց կու տար։
Որպէս բնակարան իրենց յատկացուած էր բակին ետեւ գտնուող փոքրիկ տունը, որ կառուցուած էր իբրեւ առաջնորդի բնակարան եւ որ քանդուեցաւ արդի սրահը եւ յարակից գրասենեակները պարունակող Մշակոյթի տան շինութեան պատճառով։
Արդէն շատ լայն չէր չորս հոգիի համար, բայց ընդունարանն ալ (salons) co-propriété կը գործածուէր եկեղեցիին հետ։ Թէպէտ հոն էր պրն Սարգսեանին դաշնակը որու վրայ կ՚աշխատէր ու դասեր կու տար, բայց հոն տեղի կ՚ունենային նաեւ վարչութեան եռամսեայ լիակատար ժողովներն ու եկեղեցւոյ ընդունելութիւնները։ Հոն կը զգեստաւորուէին պատարագիչ եպիսկոպոսները։ Հոն բազմոցին վրայ (divan) կը գիշերէր Սիւրմէեան սրբազան երբ մէկ-երկու օրուան համար Մարսիլիա գար։ Այո՛, սիրելի ընթերցող, այն ատենուան բարձրաստիճան եկեղեցականները ՏԵՐՎԻՇ մարդիկ էին, որոնք չորս աստղանի պանդոկներ չէին փնտռեր եւ կը մտածէին «ազգին» վրայ աւելորդ բեռ չըլլալ։ Incroyable mais vrai !!!
* * *
Նիւթական պայմաններուն հետ մէկտեղ, պրն Սարգսեանի պաշտօնավարութեան բարոյական պայմաններն ալ հեռու էին գոհացուցիչ ըլլալէ։ Խօսիլ, գրել անոնց մասին կը պարտադրէ կեղտոտ լուացքին տաշտը բանալ եւ պատմել այն շատ տխուր բաները, որոնք հոն տեղի ունեցան գրեթէ երեք տասնամեակ ամբողջ եւ որոնց գիտակն ու ականատեսն է տողերս ստորագրողը, այդ եկեղեցիին մօտիկ տարեց ուրիշ անձի մը հետ՝ տակաւին կենդանի։
Պալաքեան սրբազանի քաշուելէն ետք, Թարգմանչաց եկեղեցիին մէջ կազմուեցաւ արտաքուստ շատ օրինական եւ կրօնական ընկերակցութիւն մը, որու հիմնադիր 50 անդամները խիստ մաղէ անցան. ընդհանրապէս քաղքենի կամ առեւտրական դասակարգէն, բոլորն ալ հեռու ՀՅԴ ազդեցութենէն, որ 90 տարուան ընթացքին երբեք չկրցաւ հոն թափանցել։ Ատենապետ նշանակուեցաւ հին գաղութի զաւակ՝ շատ պարկեշտ ու ազնիւ մարդ մը՝ Արամ Թէքէեան։ Սակայն այնտեղ տիրական ուժը քառեակ մըն էր, որ եկեղեցին անջատեց թեմէն, Սրբոց Թարգմանչաց անունը փոխեց Սուրբ Սահակ-Մեսրոպի եւ վրան աւելցուց ինքնահռչակ «Մայր-եկեղեցի» կոչումը։ (Առ այսօր ո՛չ մէկ փաստաթուղթ, ո՛չ մէկ հայրապետական կոնդակ կը նշէ, որ ան՝ որեւէ թեմի մը աթոռանիստն ըլլայ։ Նոյնիսկ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. ամենայն Հայոց կաթողիկոսի Հարաւային Ֆրանսայի թեմը հաստատող 1936-ի կոնդակը որեւէ նշում չունի աթոռանիստի մասին։ Մինչեւ օրս, մարդիկ օգտագործելով եկեղեցիին դիրքն ու վայելչութիւնը կը շահագործեն այդ տիտղոսը)։ Այդ խմբակի (clique) չար ոգին էր հակա-պալաքեան պայքարը գլխաւորող, գրոց-բրոց Ենովք Արմէն (Տօնիկեան). «ներքին գործոց» նախարարն ալ Յակոբ Մալաքեան, որ հոն կը վարուէր որպէս իր տանը։
Երրորդ դիրքի վրայ կու գար Գաբրիէլ Լուսարարեան սարկաւագը, եւ չորրորդ դիրքի վրայ Մեծիկեան անունով կարճահասակ անձ մը։ Այն ատեն մարդիկ կ՚երթային եկեղեցին պսակուիլ, եւ արուարձանի ծուխերու մէկ կարեւոր մասը (մա՛նաւանդ քիչ-շատ ունեւորները) կ՚երթային հոն պսակուելու՝ եկեղեցիին արտաքին փայլին պատճառով։ Մալաքեանն է որ կը կատարէր այդ պսակներու «սակարկութիւնը», որոնք ապօրէն շահու աղբիւր էին այդ խմբակին, մա՛նաւանդ Գալուստ Տէր-Մովսէսեան (1940-1950) եւ Մեսրոպ Աւետեան (1950-56) խաչագող չքահանայացուներու մեղսակցութեամբ։
Յակոբ Մալաքեան 14 տարի ամբողջ կատարեր էր եկեղեցիին լրիւ երգեցողութիւնը իր կնոջ, քենիներուն եւ տղուն օգնութեամբ։ Ընտանեօք։ Ունէր թէնորի արտակարգ ձայն, թէ՛ բարձրութեամբ թէ՛ տարողութեամբ. երբ երգէր՝ չորս հոգիի ձայն կը հանէր։ Կատարեալ շարականագէտ ու ծիսագէտ էր։ Իր երգած տաղերն ու մեղեդիները ափսո՜ս իր հետ առ յաւէտ կորսուեցան գացին։ Սակայն մնացած էր Ռոտոսթոյի («Tekirdag») անտաշ ձկնորսը։ Մարդ չկար որու ծօ-ով չդիմէր։– Ծէօ, հէոս եկոր կ՚ըսեմ, ծէօ ծիւնկի եկոր, ծօ եւ ծօ։
Երբ 1946-ին Սարգսեան երաժշտապետի պաշտօնը ստանձնեց, որոշուեր էր որ՝ Մալաքեան առաւօտեան ժամերգութիւնը կատարէ, ապա Սարգսեան երգչախումբով վերնատունէն պատարագի երգեցողութիւնը։ Այդ սահմանափակումը հետզհետէ աւելի ծանր եկաւ Մալաքեանին որ կօշիկով, եւ կ՚ընդգծեմ այս կէտը, խորան կը բարձրանար ու կ՚երգէր սարկաւագի բաժինը։ Օր մըն ալ երբ քահանան հազիւ իր աղօթքը լրացուցեր էր, ծանր «Խորհուրդ խորին» երգեց։ Սքանչելի երգեցողութիւն, քանզի Սարգսեան այդ բաժինը երգէոնով միայն կու տար։ Եւ ծանր մասին ուրիշ կիրակի մը յաջորդեց թեթեւ երգուած մասը։ Ատեն մը ետքն ալ՝ մեղեդին, երբ վարագոյրը կը գոցուի։ Քանի մը ատեն ետք ալ թափօրի շարականը, որ Յարութեան կիրակիները կ՚երգէր ութ ձայներու վրայ։ (Ասոնք ալ իր հետ կորսուեցան, տեղը ձգելու ամէն կիրակի դդումի համ տուող «բարեխօսութեամբ»-ին)։ Եթէ քիչ մը երկար պատմեցի այս ամէնը, ցոյց տալու համար է ա՛յն հետզհետէ աւելի անշնչելի մթնոլորտը, որու մէջ կը գործէր Վարդան Սարգսեան։ Եւ բնականաբար այդ պիտի օր մը կամ միւսը ունենար իր անբաղձալի պայթումը։
Կիրակի, 1950 Նոյեմբեր 19-ին, երբ տողերս ստորագրողը «Փառք ի բարձունս»-ի խնկարկութիւնը կը կատարէր, յանկարծ բանկալին կողմը աղմուկ-աղաղակ մը ելաւ. Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուին» պէս ալ հին ու նոր, ալ հօր ու մօր, ալ սիւրիկայ (սրիկայ), ալ պալըխճի, եւ ինչ որ կ՚ուզէք։ Անշուշտ արարողութիւնը պահ մը ընդհատուեցաւ. բայց խնդիրը խօսքով չվերջացաւ, յաջորդեց ծեծկռտուքը։ Հոն ներկայ եղող երկու կամ երեք վարչականները, քահանան, սարկաւագը միջամտեցին ու իրարմէ հեռացուցին։ Երկուքն ալ գացին իրենց տուները եւ գրեցին իրենց հրաժարականները։ Ի վերջոյ զանոնք հաշտեցնելու անկարող վարչութիւնը ընդունեց Մալաքեանինը, եւ պաշտօնի վրայ պահեց Սարգսեանը։ Եւ որովհետեւ յաճախ դժբախտութիւն մը առանձին չի գար, մի քանի շաբաթ յետոյ Յ. Մալաքեան սառի վրայ սահեցաւ, կոնքոսկրը կոտրեցաւ, եւ այնուհետեւ գաւազանով եւ դժուարութեամբ կը քալէր։ Սակայն տունը ձեռնածալ չնստաւ, հրատարակեց (անստորագիր անշուշտ) իր նախկին արբանեակներուն եւ Սարգսեանի դէմ թերթիկներ, եւ պնակ մը ապուրի դիմաց ամէն ինչ ընող Նազարէթ Փինեճեան ողորմելիին ձեռքով զանոնք ցրուել տուաւ։ Այն ատեն մեր վրայ կար երկու սերունդ, որ այսօրուան պէս որպէս զբաղում հեռատեսիլ չունենալով, իրարու այցելելու կ՚երթային, եւ սուրճ խմելով այս բաները երկար ատեն անոնց խօսակցութեան նիւթ եղան։ Ուշ թէ կանուխ Աստուած մարդոց պատիժը, պելան, կու տայ, կ՚ըսէ ժողովրդական ասոյթը։ Տէր Գալուստ կոչուածը պսակէ մը վերջ հազիւ փողոց ելած՝ յանկարծամահ եղաւ. բարձրահասակ եւ մարմնեղ մարդ էր. դիակը ուռեցաւ ու ապականեցաւ եւ յուղարկաւորութեան օրը դագաղը դուրսը ձգուեցաւ…։ Տէր Մեսրոպ կոչուածը թրքական ու յունական նաւերէն թմրեցուցիչ՝ էսրար դուրս կը հանէր մարդ դիմաւորելու պատրուակով։ Ֆրանսական ոստիկանութենէն հետապնդուելով Ամերիկա փախաւ, ուր մի քանի ամիս յետոյ կառքի մը տակ մնաց։ Գաբրիէլ Լուսարարեան սարկաւագը հոս հանրակառքին մէջ կաթուածահար եղաւ ու մեռաւ, իսկ Ենովք Արմէնին միամօր տղան անձնասպան եղաւ…։ Եւ այսպէս վերջ գտաւ այդ տխրահռչակ քառեակը, որու դիզած դրամները, շինել տուած վիլլաները ո՞վ կերաւ, ի՞նչ եղան։
Միջադէպէն հինգ տարի յետոյ Յակոբ Մալաքեան վերջին անգամ ըլլալով եկեղեցի մտաւ… բայց դագաղի մէջ պառկած։ Նախախնամութեան կարգադրութեամբ մը Վ. Սարգսեան այդ օրերուն Հայաստան կը գտնուէր եւ յուղարկաւորութեան երթալ-չերթալու տաղտուկը չունեցաւ։
Ի՞նչ հոգեվիճակով Վ. Սարգսեան շարունակեց իր պաշտօնը եկեղեցւոյ մէջ, այդ միայն ինք գիտէր։ Փորձերու ատեն ինքզինք կը պահէր այնպէս թէ ոչինչ պատահած է։ Հոս պէտք է յիշեմ որ երգչախումբը անուղղակի կերպով կապուած էր եկեղեցիին։ Ղեկավարը չորս կիրակիի վրայ հերթափոխութեան ցուցակ մը շինած էր որպէսզի ամէն կիրակի մօտ 15 երգիչ ըլլայ վերնատունը. բայց իմ ատեն շատ յարգող չկար։ Հազիւ 5-6 հոգի կ՚ըլլայինք, առաւել Գեղամ Շէհրէրեանը եւ Մարի Սիմոնեանը, որոնք փոքրիկ վարձատրութիւն մը ստանալով կը մասնակցէին պսակներուն եւ թաղումներուն, եւ պրն Սարգսեանի մեկնումէն ետք, 20 տարի ամբողջ երկուքով ապահովեցին պատարագի երգեցողութիւնը։
1955 Սեպտեմբերին տեղւոյս 8 եկեղեցիներու միահամուռ որոշումով, Վարդան Սարգսեան նշանակուեցաւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի Մարսիլիոյ պատգամաւոր՝ կաթողիկոսական ընտրութեան համար։ Վերադարձին Սալ Մազընոյի մէջ տուաւ ընդարձակ տեղեկագիր մը, իր ճամբորդութեան բոլոր մանրամասնութիւններով։ Այն ատեն, Խորհրդային Միութենէն վերադարձողը կը դիտուէր տակաւին անդրաշխարհէն եկողի մը պէս։ Քիչ յետոյ զարմանքով տեղեկացանք որ՝ ան հրաժարեր է եկեղեցւոյ երաժշտապետի պաշտօնէն։ Բուն պատճառը չյայտնուեցաւ։ Քիչ ժամանակ անց, նորընտիր Վազգէն Ա. կաթողիկոս Մարսիլիա ալ այցելեց եւ 1956 Ապրիլ 8-ին պատարագեց։ Վերջին անգամ Վ. Սարգսեան երգչախումբը ի մի բերաւ, հայրապետական պատարագը երգելու համար եւ արժանացաւ Վեհափառին գնահատական խօսքերուն։ Այնուհետեւ Սարգսեան քաշուեցաւ քաղաքէս 30 քիլոմեթր հեռու եղող Eguilles գիւղը, ուր տարիներ յետոյ մահացաւ եւ թաղուեցաւ։
* * *
Վարդան Սարգսեանի քաշուելէն ետք եւ շնորհիւ Շաւարշ Փիրանեանի թափած ջանքերուն, ԱՐՄԵՆԻԱ երգչախումբի մաս մը անդամներ ի մի հաւաքուեցան եւ 1963-ին Րաֆֆի Սվաճեանի, 1965-ին Արա Պարթեւեանի ղեկավարութեամբ երկու համերգ եւս տուին։ Աւելցնեմ որ՝ ասկէ կէս դար առաջ, տակաւին ժամանակը հասունցած չէր որ օփերային բեմը տրամադրուէր հայկական երգչախումբի մը։ Այդ միայն կարելի դարձաւ 1970-ին «Անուշ» օփերայի բեմադրութեան համար, շնորհիւ ազդու միջամտութիւններու։ Իսկ Մարսիլահայութիւնը մի՛այն 1978-ին օժտուեցաւ նոր եւ տեւական երգչախումով մը՝ «Սահակ-Մեսրոպ»-ով, որ կը գոյատեւէ մինչեւ օրս։
Մարսիլիա, Յունուար 2022 ■