Միացեալ Թագաւորութեան (ՄԹ) մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վարուժան Ներսէսեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի ՄԹ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին։ Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Պըքինկհամ պալատին մէջ, հեռակայ ձեւաչափով:
Այնուհետեւ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած է ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցած են ՄԹ-ի Դիւանագիտական արարողակարգի ղեկավար, մառշալ Ալիսթեյր Հարիսըն, ՄԹ-ի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, բրիտանացի խորհրդարանականներ, հոգեւորականներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Հարիսըն իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհաւորած է դեսպանը, անոր մաղթելով յաջողութիւններ իր առաքելութեան մէջ։
Դեսպան Ներսէսեան իր ելոյթին նշած է, թէ 2022-ը Հայաստանի եւ ՄԹ-ի համար խորհրդանշական տարի մըն է, նկատի ունենալով որ կը նշենք երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը։ Ան յոյս յայտնած է, որ այս կարեւոր փուլը խթան պիտի հանդիսանայ համագործակցութեան հեռանկարներ ուրուագծելու համար: