Յունուար 20-ին տեղի ունեցած է Միացեալ Թագաւորութեան (ՄԹ) մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի եւ Կրօնի եւ հաւատքի ազատութեան հարցերու՝ Միացեալ թագաւորութեան վարչապետի յատուկ բանագնաց Ֆիոնա Պրուսի միջեւ հանդիպումը։
Կողմերը իրենց հանդիպումը համարած են խորհրդանշական՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին օրը։
Հանդիպման ընթացքին դեսպանը ներկայացուցած է քրիստոնէական հաւատքին կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար, ընդգծելով որ՝ դարեր շարունակ հաւատքը եւ հայ եկեղեցին համախմբող դերակատարութիւն ունեցած են մեր պատմութեան ընթացքին։
Դեսպանը անդրադարձած է նշեալ բնագաւառէն ներս առկայ մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն, որոնց Հայաստանը կը բախի տարածաշրջանին մէջ։
Դիւանագէտները քննարկած են մարդկային իրաւանց եւ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր։ Քննարկուեցած են ՀՀ եւ ՄԹ համագործակցութեան կարելիութիւնները՝ Կրօնական ազատութեան միջազգային դաշինքի շրջանակին մէջ, որուն համաշխարհային համաժողովը նախատեսուած է այս տարուան Յուլիսին, Լոնտոնի մէջ։
Լուրը հաղորդած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։