Սան Ֆերնանտօ Վալեյի (Լոս Անճըլըս) Վան Նայս թաղին մէջ գտնուող Սուրբ Պետրոս հայկական եկեղեցին Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23-ին թիրախ դարձած է վանդալական արարքի։ Անծանօթ մը ջարդուփշուր ըրած է եկեղեցւոյ շատ հազուագիւտ ութ երփնապակիները:
Ըստ Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք աւ. քհնյ Տեմիրճեանի՝ ապահովութեան տեսախցիկներու արձանագրութիւններէն պարզուած է, որ Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի գիշեր, ժամը 1.30-ի շուրջ, սեւազգեստ անծանօթ մը, գդակը գլխուն անցընելէ ետք սկսած է պէյզպոլի մահակով մէկ առ մէկ կոտրել երփնապակիները:
Քահանան եւ եկեղեցւոյ վարչութիւնը դէպքին մասին վերահասու դարձած են Հինգշաբթի առաւօտեան եւ անմիջապէս դիմած են Լոս Անճըլըսի ոստիկանութեան վարչութեան, որ հաւաստած է, թէ աշխուժօրէն կը հետաքննէ միջադէպը: Ըստ Տէր հօր՝ ոստիկանութիւնը արարքը որակած է «վանդալութիւն»:
Եկեղեցին Հինգշաբթի օր Դիմագիրքի իր էջին յայտնած է, թէ՝ «գոյքերուն վրայ զգալի քանակութեամբ ապակիի փշուրներ կան։ Վանդալութիւն կատարուած է նաեւ մեր հողին վրայ գտնուող դրացի եկեղեցւոյ նշանին նկատմամբ։ Մարմնական վնաս կրած չկայ»։
«Հոգեւոր հովիւը եւ ծխական խորհուրդը անյապաղ միջոցներու կը ձեռնարկեն Սուրբ Պետրոս հայկական եկեղեցւոյ ապահովութեան եւ պաշտպանութեան համար»,- աւելցուցած է եկեղեցին: ■