Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Ծերակուտականներ Պաքուն պատասխանատւութեան կանչելու կարեւորութիւնը շեշտեցին

«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի օր, Նոյեմբեր 30-ին տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօններու թեկնածուներուն հարցաքննութեան ընթացքին, ծերակուտականներ Պապ Մենենտեզ եւ Քրիս Վան Հոլըն շեշտեցին, թէ Ուաշինկթըն պէտք է Պաքուն պատասխանատւութեան կանչէ Արցախի եւ Ազերպայճանի մէջ իր գործած պատերազմական ոճիրներուն համար։

Ներկայիս, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը վարող եւ Ռուսաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Լին Թրէյսիին ուղղելով իր խօսքը՝ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Մենենտեզ խստօրէն դատապարտեց այն իրողութիւնը, որ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները վերջերս խուսափած էին պատասխանելէ հայ զինուորներու դէմ Ազերպայճանցիներու բարբարոսական արարքները ցոյց տուող տեսանիւթերուն մասին հարցումներուն եւ շեշտեց, թէ ամերիկացի դեսպանները պէտք է լրջութեամբ հետապնդեն մարդկային իրաւանց նման ահաւոր ոտնակոխումներ։

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Քրիսթինա Քվինի հարցաքննութեան ընթացքին, թեկնածուն խոստացաւ իր առաւելագոյնը ընել՝ օժանդակելու համար հակահայ բարբարոսութիւնները հետապնդելու հայկական կողմի ջանքերուն, սակայն Մենենտեզ շեշտեց, թէ պէտք չէ սպասել հայկական կողմին խնդրանքներուն, այլ պէտք է անմիջապէս քայլերու դիմել, հաստատելու եւ դատապարտելու համար այդ ոճիրները։

Քվին ընդունեց ոճրագործները պատասխանատւութեան կանչելու կարեւորութիւնը, իսկ Մենենտեզ շեշտեց հետեւեալը. «Առանց պատասխանատւութեան, արդարութիւն չ՚ըլլար»։

Մերիլենտէն ծերակուտական Քրիս Վան Հոլըն եւս շեշտեց ոճրագործները պատասխանատւութեան կանչելու կարեւորութիւնը, որպէսզի նման ոճիրներ չշարունակուին անպատիժ մնալ։ Ան եւս ցաւ յայտնեց, որ հակառակ գոյութիւն ունեցող փաստերուն, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցարդ յստակօրէն չէ դատապարտած ազերպայճանական բարբարոսութիւնները։

Նշենք, որ Մենենտեզ նաեւ շեշտեց ազերպայճանական յարձակումներու ընթացքին տեղահանուած մօտաւորապէս 100.000 Արցախցիներուն ամերիկեան աջակցութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը եւ ողջունեց, որ Քվին արդէն իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը իր ճշգրիտ անունով կը կոչէ։

Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շաբթուան սկիզբը կոչ ըրած էր Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն, որ Հայաստանը եւ հայութիւնը մտահոգող հարցերու կապակցութեամբ յստակ պատասխաններ պահանջեն Հայաստանի մէջ նոր դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Քվինէն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շեշտեց, թէ յատկապէս Հայաստանին եւ Արցախին ապահովական եւ բարեսիրական աջակցութիւններ ապահովելու գծով դեսպանին տեսակէտը լսելը յոյժ կարեւոր է՝ յոյս յայտնելով, որ անոր պաշտօնավարութեան շրջանին Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւնները կարելի կ՚ըլլայ աւելի սերտացնել:

Եթէ Քվինի թեկնածութիւնը հաստատուի, ան պիտի փոխարինէ Թրէյսին, որ Փետրուար 2019-էն ի վեր կը վարէ այդ պաշտօնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Յուլիսին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի պաշտօնին համար առաջարկեց Քվինի թեկնածութիւնը:

Քվին 2019-էն մինչ օրս Ուքրաինայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնակատարն է: 2016-էն Ապրիլ 2019 եղած է Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպանի պաշտօնակատար եւ դեսպանատան տնտեսական հարցերու խորհրդական: Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին, ան զանազան պաշտօններ վարած է՝ Թայլանտի, Մեծն Բրիտանիոյ, Եւրոպական Միութեան, Ռուսաստանի եւ Փիլիպպեաններու մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութիւններ ստանձնելով: Ան նաեւ եղած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային Ապահովութեան խորհուրդի Եւրոպական Միութեան, Ուքրաինայի եւ Պելառուսի հարցերու տնօրէն: Գալիֆորնիա ծնած դիւանագէտը ունի քաղաքագիտութեան պսակաւոր արուեստից եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու մագիստրոսի վկայականները: