Ամերիկայի Հայկական համագումարը, իր հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ՝ Ուաշինկթընի մէջ, Հինգշաբ-թի, Նոյեմբեր 17-ին տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին «Հենրի Մորկընթաու» մրցանակը շնորհած է Ներկայացուցիչներու տան նախագահուհի Նենսի Փելոզիին։ Ան այդ մրցանակին արժանի նկատուած է 2019-ին ԱՄՆ-ու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ունեցած իր կարեւոր դերին եւ Ազերպայճանի մարդասպան վերջին յարձակումէն ետք Հայաստան կատարած զօրակցութեան այցին համար։
Նշենք նաեւ որ դեմոկրատական Փելոզիի՝ նախագահուհիի պաշտօնը իր աւարտին կը հասնի, քանի որ Հանրապետականները Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16-ին յաղթանակ տանելով Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն՝ դարձան մեծամասնութիւն։ Ան, Նոյեմբեր 17-ին յայտարարեց նաեւ որ՝ պահպանելով հանդերձ գոնկրէսականի իր լիազօրութիւնները, պիտի քաշուի դեմոկրատականներու խմբակցութեան առաջնորդի պաշտօնէն, իր տեղը թողելու համար աւելի երիտասարդներու։ Փելոզի 82 տարեկան է։