Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄՈՆԱՔՕ. ՀՀ դեսպանուհին Մոնաքոյի հայ համայնքին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի կացութիւնը

Ֆրանսայի և Մոնաքոյի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան Մոնաքօ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Լուրը հաղորդած են ՀՀ դեսպանութենէն։

Հանդիպումին, ածարծուած են մոնաքեւհայկական յարաբերութիւններու եւ երկկողմ շփումներու ծիրին մէջ Մոնաքոյի հայ համայնքի դերակատարութեան վերաբերեալ հարցեր։ Քննարկուած են միացեալ ծրագրեր իրագործելու կարելիութիւնները։

Տիկ. Տոլմաջեան պատասխանած է հայ համայնքը յուզող նիւթերու մասին հարցումներուն եւ ներկայացուցած՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը եւ առկայ մարտահրաւէրները։