«ԹԱՍՍ» գործակալութեան համաձայն՝ Թուրքական պետութիւններու կազմակերպութեան Արտաքին գործոց նախարարները Յունուար 11-ին արտակարգ խորհրդակցութեան մը ընթացքին պիտի քննարկեն Ղազախստանի մէջ տիրող կացութիւնը։
«Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու Յունուար 7−ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ղազախստանի իր պաշտօնակից Մուխթար Թիլէօպերտիի հետ, քննարկելով Ղազախստանի վերջին իրադարձութիւնները։ Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Թուրքական պետութիւններու կազմակերպութեան Արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ 2022 Յունուար 11−ին»,– հաղորդած է նոյն աղբիւրը։
Նշենք, թէ Թուրքական պետութիւններու կազմակերպութեան կ՚անդամակցին Թուրքիան, Ազէրպայճանը, Ղազախստանը, Քիրկիզստանը եւ Ուզպէքստանը։