Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ.  Ալմելոյի մէջ երկու Հայուհիներ սպանուած են հոգեկան հիւանդի մը կողմէ

Սեպտեմբեր 17-ին Նետերլանտներու հայաշատ Ալմելօ քաղաքին մէջ դաժան ոճիրի մը զոհ գացած են ՀԲԸՄ-ի անդամ երկու կիներ՝ Կանանց յանձնախումբի նախագահուհի Մարալ Տէր-Մովսէսեան (70 տարեկան) եւ անոր զարմուհին՝ նոյն յանձնախումբի անդամ Ծնունդ Կարդանակեան (50 տարեկան): 

Ըստ ոստիկանութեան՝ զոհերը թիրախ դարձած են հոգեկան խանգարում ունեցող մարդու մը, որ կը բնակէր Մարալ Տէր-Մովսէսեանի բնակած շէնքին վերի յարկը:

Կը նշուի որ մարդասպանը իր տան պատշգամին զետեղած է ինքնաշխատ աղեղնազէն մը (arbalète) ու թիրախ առած է անցորդները։ Նախայարձակը ձերբակալուած է վիրաւոր վիճակի մէջ. կայ նաեւ ուրիշ վիրաւոր մը։

Սպանուած Հայուհիները բնիկ Իրաքահայեր էին: