ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի իր ելոյթին մէջ Իլհամ Ալիև վերստին նշած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը անցեալին կը պատկանի:
“Ազէրպայճան 30-ամեայ հակամարտութիւնը լուծեց ռազմաքաղաքական միջոցներով, վերականգնեց իր հողային ամբողջականութիւնը և պատմական արդարութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մնաց անցեալի մէջ: Ազէրպայճան այլևս չունի Լեռնային Ղարաբաղ անունով վարչատարածքային միաւոր:
Նախագահական 2021 Յուլիս 7-ի հրամանագրով մենք ստեղծեցինք Ղարաբաղեան և Արևելեան Զանգեզուրի տնտեսական գօտիները: Օգտուելով այս կարելիութենէն՝ ես կոչ կ՚ընեմ ՄԱԿ-ի անդամ երկրներուն և ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան՝ մեր հողերուն անդրադառնալու ատեն այլեւս թոյլ չտալ իրաւական տեսանկիւնէն գոյութիւն չունեցող, քաղաքականապէս կողմնակալ անուններու օգտագործումը”,– յայտարարած է Ալիև:
Ան աւելցուցած է, թէ Ազէրպայճանի իշխանութիւնները փաստաթուղթեր, տեղեկութիւններ և լուսանկարներ փոխանցած են ՄԱԿ-ի բոլոր պետութիւններու ներկայացուցչութիւններուն՝ Ղարաբաղի քաղաքներուն ու գիւղերուն կացութեան վերաբերեալ:
Ալիեւ միջազգային ուժանիւթային ընկերութիւնները հրաւիրած է ներդրումներ կատարելու՝ Ղարաբաղի տարածքին կանաչ ուժանիւթի զարգացման համար: Ան ըսած է, որ վերջերս «ազատագրուած Ղարաբաղը և Արևելեան Զանգեզուրը յայտարարած է կանաչ ուժանիւթի գօտի»:
“Երևան պէտք է համագործակցութեան և տարածքային պահանջներու միջև ընտրութիւն կատարէ”
Ազէրպայճանի նախագահը իր ելոյթի ընթացքին նաեւ նշած է, թէ «Ազէրպայճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան կապող Զանգեզուրի միջանցքը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ տարածաշրջանին համար, նկատի ունենալով որ իր երկիրը Հարաւային Կովկասի մէջ նոր իրողութիւններ ստեղծած է, և բոլորը պէտք է հաշուի առնեն այդ պարագան»։
Ըստ Ալիեւի՝ «Հայաստան պէտք է ընտրութիւն կատարէ տարածաշրջանային համագործակցութեան և իր դրացիներու նկատմամբ տարածքային պահանջներու միջև»:
Ան շարունակած է, ըսելով.- “Հակամարտութիւնը աւարտած է եւ Ազէրպայճան արդէն յայտարարած է Հայաստանի հետ խաղաղ պայմանագրի բանակցութիւններ սկսելու իր պատրաստակամութեան մասին՝ հիմնուած սահմանազատման և սահմանագծման, մէկզմէկու ինքնիշխանութեան և տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ: Նման համաձայնութիւն կրնայ մեր տարածաշրջանը դարձնել խաղաղութեան և համագործակցութեան տարածաշրջան: Յամենայն դէպս, մենք տակաւին Հայաստանի կողմէ այս առաջարկին դրական արձագանգ չենք տեսներ”:
Նշենք, թէ Ալիեւ իր ելոյթի ծաւալուն հատուածը յատկացուցած է Հայաստանին ուղղուած մեղադրանքներուն։
* * *
Ալիեւ եռակողմ յայտարարութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ պատմած է
Միւս կողմէ, Ազէրպայճանի նախագահը ռուսական «Ազգային Պաշտպանութիւն» պարբերականին նոր մանրամասնութիւններ պատմած է Արցախի հրադադարի եռակողմ համաձայնութիւնը ձեռք ձգելու գործընթացին մասին: Ըստ անոր՝ Ռուսաստանի նախագահին հետ իր անձնական կապերը «առիթ տուած են, որ Մոսկուա եւ Պաքու համաձայնին եռակողմ յայտարարութեան շուրջ»:
“Առաջարկներս հաւանութեան արժանացած էին ռուսական կողմէ, սակայն հայկական կողմը կը մերժէր, եւ ես կը կարծեմ, որ ողբերգական, ճակատագրական սխալ մըն էր այդ մէկը: Որովհետեւ, եթէ անոնք ընդունէին իմ առաջարկած ծրագիրը, անոնց պարտութիւնը այսքան նուաստացուցիչ չէր ըլլար եւ հազարաւոր զինուորներ, թէ՛ մեր եւ թէ՛ հայկական կողմէն, ողջ կը մնային: Այսինքն` այս մարդոց մահուան պատասխանատուն հայ ղեկավարութիւնն է, որ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին առնուազն երկու անգամ մերժեց ընդունիլ պատմական առիթը”,– պնդած է Ալիեւ:
“Շուշա [Շուշի] քաղաքը ազատագրելէ ետք, Վլատիմիր Վլատիմիրովիչ հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ հայկական կողմը պատրաստ է կատարելու ինչ որ պէտք է։ Ան հարցուց, թէ ես կը մնա՞մ իմ դիրքորոշման վրայ։ Ես ըսի՝ այո՛, ես իմ կեցուածքը չեմ փոխած, եթէ անոնք մեզի կը հաստատեն մնացեալ գրաւեալ տարածքներէն զօրքը ետ քաշելու պայմանաժամերը, մենք կը դադրեցնենք պատերազմը”,– պատմած է Ալիեւ, աւելցնելով որ՝ այդպէս ալ, նշեալ զրոյցին յաջորդած ժամերուն հակամարտող կողմերը համաձայնած են յայտարարութեան պայմաններուն շուրջ:
Ալիևի վկայութեամբ՝ նախագահ Փութին իրմէ խնդրած է, որ Փաշինեանի՝ համաձայնագիրը Ազէրպայճանի և Ռուսաստանի նախագահներու ներկայութեան ստորագրելուն մասին չպնդէ։ “Ես ալ համաձայնեցայ, որ չեմ պնդեր, աւելցնելով որ՝ Փաշինեանի աւելի՛ նուաստացման կարիքը չունիմ”,– յայտարարած է Ազէրպայճանի նախագահը ռուսական պարբերականին հետ զրոյցին։