Սեպտեմբեր 22-ին, ՄԱԿ-ի համաժողովին մասնակցելու նպատակով Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ։ Լուրը հաղորդած է ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը։
Կողմերը քննարկած են զանազան մարզերու մէջ ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր։ Նախարարները անդրադարձած են նաեւ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն եւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն։
Նախարար Միրզոյեան յատկապէս շեշտը դրած է Ազէրպայճան պահուող հայ ռազմագերիներու և քաղաքացի պատանդներու անյապաղ վերադարձի հարցին վրայ։ Երկուստեք ընդգծած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ խաղաղ լուծման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։ ■