ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ – Ուրուկուայի ծերակոյտը Մայիս 4-ին միաձայնութեամբ դէմ քուէարկած է Թուրքիոյ մէջ նոր դեսպանի նշանակման՝ անսալով «Ընդարձակ ճակատ» ընդդիմադիր դաշինքի հայ ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեանի առաջարկին։
Որոշումը հակադարձութիւն մըն էր Ուրուկուայի թրքական դեսպանատան առջեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ցոյցին մասնակցող Հայերուն՝ թուրք ազգայնամոլներու նշանը ցոյց տալու Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի անընդունելի կեցուածքին, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է երկրին մէջ եւ արժանացած է Ուրուկուայի նախագահին եւ այլ պաշտօնատարներու քննադատութեան։
Դեսպանի նշանակման հարցը վերադարձուած է Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին: Ծերակուտականները շեշտած են, թէ որոշումը որեւէ առնչութիւն չունի դեսպանի պաշտօնին թեկնածուի անձին հետ: